Խորհրդարան ներկայացուեցաւ օրինագիծի նոր տարբերակ, ուր քրէական յանցագործութիւն պիտի նկատուին՝ հայոց եւ յոյներու ցեղասպանութեան դէմ
նսեմացման կամ չարամիտ հերքման պարագաները
Յունաստանի խորհրդարանի ամառնային Գ. նստաշրջանի օրակարգէն ներս բերուած ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մեծամասնութեամբ ընդունուած է երէկ, արդարադատութեան նախարար Խարալմպոս Աթանասիուի բարեփոխումներէն ետք։
Առաջին հերթին, օրինագիծի նոր տարբերակին ի նպաստ քուէարկեցին Նոր Հանրապետութիւն, ՓԱՍՕՔ, ՏԻՄԱՐ կուսակցութիւնները, մինչ դէմ քուէարկեցին Անկախ Յոյներ եւ Ոսկեայ Արշալոյսը։ Սիրիզա խմբակցութիւնը ձեռպահ մնաց, յայտնելով սակայն, թէ կրնայ թեր քուէարկել, եթէ օրինագիծին մէջ կատարուին իր կողմէ առաջարկուած փոփոխութիւնները։
Նշենք, թէ սուր բանավէճերու եւ տարբեր մօտեցումներու առիթ տուած օրինագիծին մէջ, արդարադատութեան նախարարութիւնը էական բարելաւումներ աւելցուց, յատկապէս կեդրոնանալով ցեղասպանութեանց պարագային։ Կ'արգիլուի եւ ազատազրկմամբ ու տուգանքներով կը պատժուի՝ հանրային յոխորտանքը կամ չարամիտ հերքումը, միջազգայնօրէն ճանչցուած կամ հելլէն խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններուն, ինչպէս են Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնները եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Արդարադատութեան նախարար Խարալամպոս Աթանասիու, ներկայացնելով օրինագիծը, ըսաւ թէ հելլէն հասարակութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը պաշտպանող օրէնք մըն է՝ օտարատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան ու խտրութեան երեւոյթներու դէմ։
Որոշ պատմաբաններ կը հակառակին
Օրինագիծի թիւ 2 յօդուածին վերաբերեալ, ուր նշում կայ ցեղասպանութիւններու, ռազմական ոճիրներու, մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւններու ուրացողներուն դէմ, հակառակութիւն արտայայտած են որոշ պատմաբաններ, մամլոյ յայտարարութիւն մը ստորագրելով ու տարածելով, ուր կը պատճառաբանեն իրենց հակառակութիւնը, յենուելով խօսքի ազատ արտայայտման իրաւունքին վրայ:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ իր հանդիպումները
Հ.Յ.Դ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ 30 Օգոստոսին առաւօտուն, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Համապոնտական Միութեան Հարաւային Յունաստանի վարչութեան հետ, որուն ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկերներ Քերոբ Էքիզեան, Յակոբ Աւագեան, Յարութիւն Սերոբեան եւ Սթաւրոս Ապարեան։
Երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթը կը կեդրոնանար հելլէն խորհրդարանի օրակարգին վրայ գտնուող ցեղապաշտութեան դէմ օրինագիծին շուրջ։ Երկուստեք շեշտուեցաւ թէ օրինագիծը պէտք է յստակօրէն նշում կատարէ հելլէն խորհրդարանի կողմէ ճանչուած ցեղասպանութեանց շուրջ, նախատեսելով Հայոց Ցեղասպանութեան, Պոստոնցի յոյներու ցեղասպանութեան եւ Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեանց պարագաները։
Որոշուեցաւ բոլոր կազմակերպութեանց ստորագրութիւնները կրող միացեալ նամակ մը խմբագրել եւ ուղարկել հելլէն խորհրդարանի 300 երեսփոխաններուն եւ կառավարութեան կազմին՝ պահանջելով օրինագիծին մէջ անպայմանօրէն ներառնել Հայոց եւ Յունաց ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնելու վերաբերեալ յօդուած։
Նոյն հարցով որոշուեցաւ կարգ մը յաւելեալ նախաձեռնութիւններ եւս, հետագայ քայլերու ծրագրումի ծիրէն ներս։