Միջազգային կարմիր խաչի բանբեր Ռալֆ Հաժ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն եւ Սուրիոյ Կարմիր մահիկը, Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք,

բացառիկ կարելիութիւն ունեցած է օգնութիւն հասցնելու Հալէպի հիւսիսային հատուածին, որ կը գտնուի ընդդիմադիրներու հսկողութեան տակ: Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները բնակիչներուն մատակարարած են պարէն, առողջապահութեան նիւթեր, ծածկոցներ, խոհանոցային պարագաներ:

Կը հաղորդուի, որ երեսուն հազար հոգիի համար նախատեսուած օգնութիւնը բեռնաւորուած եղած է եօթը բեռնակառքերու վրայ: