Օրեր առաջ արեւմտեան եւ միջին արեւելեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին միջազգային ասպարէզին մէջ ճանաչում գտած լուսանկարիչ-լրագրող, Associated Press գործակալութեան երկարամեայ աշխատակից, հայազգի Հերի Գունտաքճեանի մահը։

Հերի Գունտաքճեան մահացած է 21 Ապրիլին, Նիւ Եորքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ՝ 83 տարեկանին։ Ան այս տարուան Փետրուարին ենթարկուած էր սրտի բարդ գործողութեան, որմէ ետք յառաջացած բարդութիւններն ալ դարձած են լուսանկարչի մահուան պատճառը։

Թերթերը, անոր մահուան մասին յայտնելով, գրած են՝ վեթերան լրագրող, անուն վաստակած հայ, հմուտ լուսանըկարիչ, հսկայ մարդ, որ ճարպիկօրէն կը թափանցէր ամէնէն կարեւոր տեղերը, Միջին Արեւելքի լուսանկարչական լրագրութեան հայրը, նշանաւոր Հերի Տը Հորզը. այս բնորոշումը, որ դարձած էր իր ծածկանունը, ան ստացած է իր արագաշարժութեան եւ խոշոր կազմուածքի պատճառով։
Սուրիա ծնած Գունտաքճեան փոքր տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Լիբանան, ուր ալ դպրոցը աւարտելէ տարիներ ետք սկսած է զբաղիլ լուսանկարչութեամբ եւ լրագրութեամբ։ Քսաներկու տարեկանին ան Associated Press գործակալութեան արտասահմանեան թղթակիցն էր Լիբանանի մէջ, միաժամանակ կ'աշխատէր Պէյրութի մէջ տպուող ֆրանսերէն L’Orient օրաթերթին մէջ, ինչպէս նաեւ կը թղթակցէր արաբական մամուլին։ 1966 թուականէն սկսեալ ան արդէն Associated Press գործակալութեան արտասահմանեան լուսանկարիչ-լրագրողն էր միջին-արեւելեան տասներեք երկիրներու, Հիւսիսային եւ Արեւելեան Ափրիկէներու մէջ, Թուրքիա եւ Իրան։ Իր գործունէութեան երկու տասնամեակը անցնելով պատերազմներով, պառակտումներով, յեղափոխութիւններով եւ քաղաքական ու հասարակական իրադարձութիւններով հարուստ Միջին Արեւելքի ու մերձակայ երկիրներու մէջ՝ Հերի Գունտաքճեան լուսանկարած է նշանաւոր քաղաքական, պետական, ռազմական ու մշակութային գործիչներ, ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն, Պաղեստինի Ազատագրական կազմակերպութեան ղեկավար, նախագահ Եասէր Արաֆաթ, Սուրիոյ նախագահ Հաֆըզ Էսատ, Եգիպտոսի նախագահներ Հիւսնիւ Միւպարէք, Էնվէր Սէտաթ, Լիպիոյ նախագահ Մուամմէր Քատաֆի, Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորը, արաբ աշխարհահռչակ երգչութի Ֆէյրուզ, եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Լուսանկարիչը առանձին լուսանըկարչական շարքեր ունի Լիբանանի քաղաքացիական երկարամեայ պատերազմէն, արաբ-իսրայէլական հակամարտութենէն, 1975-1976 թուականներու Թուրքիոյ երկրաշարժէն, Մարոքի եւ Իրանի երկրաշարժներէն, ինչպէս նաեւ 1970 թուականի Արեւելեան Փաքիստանի նշանաւոր մրրիկէն։ Հերի Գունտաքճեան նաեւ այն եզակի լուսանկարիչներէն է, որ 1972 թուականին ներկայ եղած է Միւնիխի Ողիմպիական կոտորածին, որու ժամանակ պաղեստինցի բանակայինները պատանդ վերցուցած են Երուսաղէմը բռնագրաւած վարչաձեւի ողիմպիական խումբի անդամները. նշանաւոր այդ դէպքին ժամանակ զոհուած է Իսրայէլի հաւաքականի տասնմէկ անդամ եւ մէկ գերմանացի ոստիկան։ Այս ամբողջ իրադարձութիւնները բացառիկ լուսանկարներու տեսքով մաս կը կազմեն ինչպէս Associated Press գործակալութեան, այնպէս ալ՝ Հերի Գունտաքճեանի արխիւին եւ տարբեր առիթներով տպագրուած են թէ՛ մամուլի մէջ, թէ՛ ցուցադրուած են ցուցահանդէսներու ընթացքին։
Թէժ կէտերէն պատրաստած Հերի Գունտաքճեանի լուսանկարչական հարցազրոյցները Associated Press գործակալութեան լրահոսքի միջոցով զարդարած են միջազգային հեղինակաւոր ամսագրերու կողքերն ու օրաթերթերու առաջին էջերը։
1978 թուականին կ'ամուսնանայ Յորդանանի Հիւսէյին թագաւորը։ Այդ ամուսնութիւնը երկար կը յիշուի աշխարհի թագաւորական պսակադրութիւններու շարքին. նաեւ Հերի Գունտաքճեանի կատարած լուսանկարներուն շնորհիւ աշխարհը տեսաւ թագաւորական այդ շքեղ պսակադրութիւնը։ Այդ շարքին համար, ինչպէս նաեւ Եասէր Արաֆաթի՝ երախաներով շրջապատուած լուսանկարի եւ Հռոմի Պօղոս Զ. պապի՝ Երուսաղէմ, Փաքիստան եւ Թուրքիա կատարած առաջին այցի լուսանկարչական շարքերուն համար Հերի Գունտաքճեան Life եւ Time ամսագրերու կողմէ ստացած է լուսանկարչութեան ասպարէզի հեղինակաւոր մրցանակներ։
Օդանաւի մէջ այլ լրագրողներու եւ լուսանկարիչներու հետ էր նաեւ Հերի Գունտաքճեան։ ԱՄՆ-ի առաջին տիկնոջ այցի մասին պատմող Գունտաքճեանի լուսանկարները օրին տպուեցան թերթերու մէջ, իսկ հետագային հրատարակուեցան նաեւ այլ առիթներով։
1992 թուականին լուսանկարած է Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին դիմաց անկախ Հայաստանի եռագոյն դրօշի բարձրացման արարողութիւնը։
Իր գործունէութեան ընթացքին միջազգային հայ լուսանկարիչը միշտ սատարած է Սփիւռքի եւ հայրենիքի մամուլին, հայկական թերթերուն տրամադրելով Associated Press-ի լուսանկարները։ Այցելած է նաեւ Հայաստան, ուր լուսանկարած է բազմաթիւ լուսանկարներ։
Տասը հազար լուսանկար, ութսուն հազար տակաւին չերեւակուած ժապաւէն, երեք հարիւր միջազգային ամսագրի կողք, որու վրայ Հերի Գունտաքճեանի կատարած լուսանկարները տպուած են եւ երեք հազար օրաթերթ, որ տարբեր առիթներով գործածած են Associated Press գործակալութեան հայազգի լուսանկարչի աշխատանքները։ Իր մահուան առթիւ արեւմտեան լրատուամիջոցները կը հրապարակեն այս փաստերը՝ նշելով, որ երեսունեօթ երկիր այցելելով, ան տեսած է կեանք ու մահ, խաղաղութիւն ու պատերազմ եւ կրցած է պատմութեան համար դրոշմել ճշմարտութիւնը։
1979 թուականին Հերի Գունտաքճեան Միջին Արեւելքէն մեկնած է Միացեալ նահանգներ, ուր մինչեւ 2006 թուականը Associated Press գործակալութեան մէջ արդէն իբրեւ լուսանկարչական հարցազրոյցներու խմբագիր կþաշխատէր։ Ըսած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է աշխատիլ աշխարհի հնագոյն լրատուական գործակալութիւններէն մէկուն մէջ։
Հերի Գունտաքճեան ունեցած է թիւով յիսուն տարբեր նիւթերու ցուցահանդէս՝ նուիրուած պատերազմներու, երկրի առաջնորդներու, ողիմպիական խաղերու, եւրոպական գեղեցկութեան մրցոյթներու, բնական աղէտներու, պարզապէս մարդկային ճակատագրերու։

Անուշ Թրուանց

Գունտաքճեանի խօսքերէն

«Ես հայկական քիթ ունիմ։ Ան աչքի կը զարնէ ոչ միայն իր տեսքով, այլեւ՝ սուր հոտառութեամբ։ Ահա թէ ես ինչու կրնամ զգալ լաւ լուսանկարը՝ հեռուէն»։

«Մէկ լուսանկարը կþարժէ հազարաւոր բառեր։ Երբեմն նոյնիսկ բառեր ու նախադասութիւններ անհրաժեշտ չեն լուսանկարին քով. ինքը՝ լուսանկարը կը պատմէ իր մասին»։

«Երբ կը պատկերացնեմ, որ ընդամէնը կոճակ մը սեղմելը մեր ժամանակներու ամենէն կարեւոր գործերէն մէկն է, ապա մեծ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերիմ իմ աշխատանքներուն»։

«Իմ վիզէս միշտ լուսանկարչական խցիկ կախուած եղած է։ Նոյնիսկ թաղուելէ ետք ես կþուզեմ թաղուիլ իմ սարքիս հետ. ան ինծի երջանկութիւն բերած է», ըսած է նշանաւոր հայ լուսանկարիչը։