Հովանաւորութեամբ Հայկազեան համալսարանին, գործակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Հինգշաբթի, 15 Մայիսին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» աշխատութեան Ա. հատորին շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով արտասանեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որ նշեց, թէ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի հանգրուանին մէջ, եւ ցեղասպանը կը ցուցաբերէ աշխուժ գործունէութիւն, հայութիւնը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ծառայեցնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման՝ ներազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Գիտական լուրջ ուսումնասիրութիւններու, ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը աւելիով խորացնելու աշխատանքներու ծիրին մէջ պէտք է դիտել «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» գիրքին հրատարակութիւնը:
Ապա խօսք առաւ, «Յուշամատեան» կայքի տնօրէն, պատմաբան դոկտ. Վահէ Թաշճեան, որ ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի եւ Գերմանիոյ Պամպերիկի համալսարանի թրքագիտութեան բաժանմունքին գործակցութեամբ եւ «Յուշամատեան»-ի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» աշխատութեան Ա. հատորը: