Ինչպէս կը տեղեկացնէ «bianet» կայքէջը, «Պիլկի» համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժնի դասախօս Տենիզ Զարաքօլու ձերբակալուած է Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան (PKK) քաղաքային թեւը հանդիսացող «Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան» (KCK) դէմ իրականացուած գործողութեան ամբաստանութեամբ:


Իր զաւկի ձերբակալութեան ամբաստանութեան դէմ  հանդէս եկած է Ռակըպ Զարաքօլու նշելով,  թէ իր որդին ձերբակալուած է «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան քաղաքական ակադեմիոյ մէջ քաղաքագիտութեան թեման դասաւանդած ըլլալուն համար։
Ինչպէս ծանօթ է Զարաքօլուն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի մերժողականութեան դէմ պայ-քարող մտաւորականներէն է Թուրքիոյ մէջ։ Ան իր գործունէութեան եւ հրատարակած գիրքերուն համար հետապնդուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ՝ ՔՕ 301-րդ յօդուածի հիմամբ: Իր «Պելկէ» հրատարակչատան գիրքերուն համար դատապարտուած է 6 ամսուայ ազատազրկմամբ։