Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Լոս Անճելըս ժամանեց Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ի երեկոյեան: Անոր կ՛ընկերանար գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան։
Օդանաւի մօտէն զինք դիմաւորեցին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, եւ Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Մատոնա Աուն Ղազալ, որոնք միացան վեհափառը դիմաւորող անձնաւորութեանց։
Վեհափառը դիմաւորելու համար Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանը կը գտնուէին Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աւագ միաբաններէն Եփրեմ արք. Թապաքեան, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Էրիք Կարսեթի, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներ Խաժակ Տիգիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամներ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ազգայիններ ու բարերարներ:
Առաջնորդը՝ յանուն թեմին, ողջոյնի խօսք ուղղեց վեհափառին եւ մաղթեց, որ անոր Քալիֆորնիա հովուապետական չորրորդ այցելութիւնը ըլլայ բարեբաստիկ եւ օրհնաբեր առիթ մը բոլորին համար: Վեհափառը գոհունակութիւն յայտնեց այս այցելութեան առիթով եւ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, եւ անոնց ճամբով՝ հայ համայնքի զաւակներուն: Բարի գալուստի խօսք արտասանեցին նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Էրիք Կարսեթի, Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի դիւանագիտական ներկայացուցիչը, եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան։
Վեհափառին Քալիֆորնիա այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ նաեւ Ֆրեզնոյի, Լաս Վեկասի ու Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանները: