Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող երիտասարդ աղջնակի պատմութիւնը, որ «Յօշոտուած Հայաստան» անունով գիրք դարձաւ, ինչպէս նաեւ ժապաւէն՝ «Հոգիներու աճուրդ» խորագրով

1918 թուականին Միացեալ Նահանգներուն մէջ լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսի առաջին վաւերագրական յուշերը «Յօշոտուած Հայաստան» վերնագրով (Ravished Armenia), հեղինակութեամբ Ցեղասպանութենէն վերապրած չմշկածագցի Արշալոյս Մարտիկանեանի, որ կը պատմէր աքսորի ճամբուն վրայ իր տեսած եւ ապրած տառապանքներու եւ արհաւիրքներու մասին: «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքի հրապարկումէն ետք, 1918 թուականին, ամերիկեան Մեթրօ Կոլտուին Մայըր ընկերութեան մոտ կը նկարահանուէր «Հոգիներու Աճուրդ» (Auction of Souls) անձայն ֆիլմը, որ Մեծ Եղեռնի մասին պատմող առաջին ֆիլմն էր:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը (ՀՑԹՀ) աշխատասիրութիւն մը կատարած էր «Հոգիներու աճուրդ» ֆիլմի («Յօշոտուած Հայաստան» յուշերու գիրքին նկարահանումի) 90-ամեակին առիթով ու յոբելենական բացիկ մը հրատարակած էր, միաժամանակ իր կայքէջին միջոցաւ համացանցային ցուցադրութիւն մը կազմակերպելով:
Հիմնարկը իր արխիւներուն մէջ պահպանած է ֆիլմէն ընդամէնը 20 վայրկեաննոց հատուածի մը պատճէնը:

«Աուրորա Մարտիկանեանի ոդիսականը»

1918ին, Նիւ Եորքի մէջ անգլերէնով լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսի փաստավաւերագրական առաջին յուշագրութիւններէն մէկը՝ «Յօ- շոտուած Հայաստան» խորագիրով, ուր հեղինակը՝ ցեղասպանութիւնը վերապրած չմշկածագցի Արշալոյս (Աուրորա) Մարտիկանեանը, կը պատմէ բռնագաղթի ճամբուն վրայ իր ապրած սարսափները: Կորսնցնելով ծնողները, քոյրերն ու երեք եղբայրները, որոնք գազանաբար սպաննուած էին անոր աչքերուն առջեւ՝ 14ամեայ Արշալոյսը տարագրութեան ընթացքին խոշտանգուած ու բռնաբարուած է թուրք եւ քիւրտ պաշտօնեաներու ու ցեղապետերու հարեմներուն մէջ:
«Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը արդէն պատրաստ էր, երբ Հայ-սուրիական ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէն առաջարկած էր անոր նիւթին հիման վրայ ստեղծել շարժանկար մը, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուէր Մերձաւոր Արեւելքի որբանոցներուն մէջ գտնուող շուրջ 60 հազար հայ որբերուն: 1918ին Քալիֆորնիոյ մէջ ֆիլմարտադրիչ «Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր» ընկերութեան կողմէ եւ Օսքար Ափֆելի բեմադրութեամբ նկարահանուեցաւ «Հոգիներու աճուրդ» անձայն ֆիլմը, (մասնակցութեամբ շուրջ 10 հազար անձերու, որոնց մէջ կային բռնագաղթած 200 հայ երեխաներ), որ հանդիսացաւ Մեծ Եղեռնի մասին պատմող առաջին գեղարուեստական շարժանկարը, ինչպէս նաեւ առհասարակ ցեղասպանութեան խընդիրին անդրադարձող աշխարհի առաջին ֆիլմը:
«Հոգիներու աճուրդ»ը առաջին անգամ ցուցադրուած է 1919ի Փետրուար 16ին, Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ՝ Հայ-սուրիական ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի անդամներ Օլիվըր Հարիմընի եւ Ճորճ Վանտըրպիլթի հովանաւորութեամբ: Ֆիլմը ցուցադրուած է ԱՄՆի 23 նահանգներու մեծ քաղաքներուն, Հարաւային Ամերիկայի շարք մը երկիրներու՝ Մեքսիքոյի, Աւստրալիոյ, Քուպայի մէջ, եւ ամէն տեղ ունեցած է բացառիկ յաջողութիւններ՝ արժանանալով «Դարակազմիկ շարժանկար» գնահատականին: 1919ին անիկա հասած է Մեծն Բրիտանիա եւ ենթարկուած է պետական գրաքննութեան: Երկար բանակցութիւններէ ետք, «Սքաթլընտ Եարտ»ի համաձայնութեամբ, ան ցուցադրուած է 1920ին, արքայական «Ալպըրթ Հոլ»ին մէջ: Որոշ ժամանակ յետոյ դադրեցուած է ֆիլմին ցուցադրութիւնը, իսկ 1920ականներուն սկիզբը, ամերիկեան եւ բրիտանական գրադարաններու մէջ գրաքննութեան ենթարկուած է նաեւ «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը եւ դուրս դրուած է շրջանառութենէ:
Երկար տարիներէ ի վեր, ֆիլմարուեստի պատմաբանները եւ պատասխանատու անձերը որոնումներ կը կատարեն՝ գտնելու համար «Հոգիներու աճուրդ» ֆիլմի 9 ժապաւէնները (բոլոր մասերը), սակայն որեւէ հետք առայժմ չէ գտնուած ժապաւէնէն: Կայ վարկած, թէ՝ այդ հազուագիւտ ժապաւէնները ջուրին տակ անցած են դէպի Պաթումի նաւահանգիստ մեկնած ու խորտակուած նաւի մը հետ միասին, կամ թէ՝ անոնք գողցուած ու ոչնչացուած են Պաթում քաղաքին մէջ: