Ռուսիան ներկայացնող 24ամեայ հայ թենիսի վարպետ Երուանդ Գասպարեան Անթալիոյ մէջ իրականացուող «Futures» դասի մրցաշարքի եզրափակիչին յաղթած է ATP վարկանշային աղիւսակի 326րդ հորիզոնականը զբաղեցնող 25ամեայ աւստրիացի Ֆիլիփ Օզուալտոյին:

Այսպիսով, Երուանդ Գասպարեան այս մրցաշրջանին արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով կրցած է յաղթանակ տօնել «Futures» դասի մրցաշարքերուն:
Առաջին տիտղոսը ան նուաճած է Օգոստոսի սկիզբը, Մոսկուայի մէջ: