ՊՈԼԻՍ.- Անգարայի պետական թատրոնը իր նոր եղանակը բացաւ Հալտուն Թաների նշանաւոր թատերախաղերէն՝ «Անխելք ամուսինին խորամանկ կինը»ն բեմադրելով։
Ինչպէս կը յիշուի, Թաների այս թատերախումբը մօտէն կապ ունի հայերու թատրոնին հետ ու կը յիշատակէ Ֆասուլեաճեանը։
Պետական թատրոնի բեմադրիչ ու դերասան Սեմիհ Սերկէն յայտնեց, որ Հալտուն Թաների թատերախաղերը շատ կարեւոր են թուրք թատրոնին համար, իսկ «Անխելք ամուսինին խորամանկ կինը» թատերախաղը ուսուցողական թատերախաղ մըն է եւ բազմիցս բեմադրուած՝ Թուրքիոյ մէջ։ 4 Հոկտեմբերէն ի վեր, արդէն հանդիսատեսները այս խաղը տեսնելու առիթը ունին: Սերկէն յայտնեց, որ թատրոնի սրահին մէջ պիտի բացուի նաեւ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ «Թուրք թատրոնին մէջ հայ արուեստագէտներ»ուն։ Պիտի ներկայացուին նկարներ ու փաստաթուղթեր։