Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2011-ին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ օծման 107-րդ տարեդարձը։
Արդէն նախորդող օրերուն պատրաստութեան աշխատանքները արտասովոր եռուզեռ մը ստեղծած էին Առաջնորդարանին մէջ։ Տիկնանց Յանձնախումբը, հոգաբարձութիւնը, արուեստագէտ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, հոգեւոր հովիւի գլխաւորութեամբ լծուած էին մատաղի, ճաշկերոյթի եւ գեղարուեստական յայտագրի պատրաստութեան։
Կիրակի առաւօտ հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Ֆրանսայի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան, որ քարոզի ժամանակ խօսեցաւ բարերարութեան խորհուրդի մասին, վեր առնելով մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթի, դպրոցներու եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքէն ներս բարերարութեան առաքինութիւնը։ Ան նշեց անունները Մայր Տաճարի ի կեանս եղող բարերարներուն, անոնց մաղթելով առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ երջանիկ տարիներ, ի սպաս մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին։
Ապա Փարիզի ծխատէր հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Պարթեւ Աբեղայ Բարսեղեանը կարդաց Մայր Եկեղեցւոյ հանգուցեալ բոլոր ծառայողներու անունները, սկսելով եկեղեցաշէն Ալեքսանդր Մանթաշեանէն, հասնելով մինչեւ վերջերս մահացած բարերարները։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդը երկիւղածութեամբ մօտեցաւ եւ առաւ իր բաժինը, այսպիսով միշտ վառ պահելով մեր դարաւոր աւանդութիւնը։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ սեղանը, կազմակերպութեամբ Տիկնանց Յանձնախումբի եւ հոգեւոր հովիւի։ Նահապետական ընթրիք մըն էր, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հօտ եւ հովիւ մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Ներկայ էին Թեմական Խորհուրդի, Փարիզի, Իսի Լէ Մուլինոյի, Ալֆորվիլի եւ Շաւիլի ծխական խորհուրդներու ատենապետներն ու ներկայացուցիչները եւ բարեպաշտ հայորդիներ, որոնք ծայրէ ծայր լեցուցած էին սրահը։
Խօսք առաւ սրբազան հայրը, որ ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ պատմական հոլովոյթը, զայն կապելով ներկային հետ։ Ան կուռ ճառով խօսեցաւ մեր դիմագրաւած հարցերու մասին, եւ հայրաբար յորդորեց հաւաքաբար պայքարելու մեր հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ ցցուած դժուարութիւններուն դէմ։
Երեկոն փակուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ Երեւան-Էրեբունի երգի խանդավառ կատարումով։
(Թղթակցութիւնը՝ Փարիզէն)