ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի յառաջիկայ այցը դէպի Ատրպէյճան, կարեւոր քաղաքական նշանակութիւն ունի»,

Ապրիլ 6ին լրագրողներուն ըսած է Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէն՝ աւելցնելով, թէ Հոլանտի այցելութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ «հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման աջակցիլը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ հակամարտութեան կարգաւորումը լաւ հնարաւորութիւններ պիտի բանայ երկու կողմերուն առջեւ»:
Յայտնենք, թէ Հոլանտ Մայիսի առաջին կիսուն, Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան պիտի այցելէ: