ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ - Հայ պատգամաւոր Հունգարիոյ Ազգային Ժողովին մէջ
Ապրիլ 6-ին Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցան Ազգային ժողովի անդամներու ընտրութիւններ:
Ուրախութեամբ կ'իմանանք թէ Հունգարիոյ հայությունը, օգտուելով Հունգարիոյ նոր ընտրական օրէնքով ընձեռուած հնարաւորութիւններէն, 2014 թուականի Ազգային Ժողովի անդամներու ընտրութիւններուն յաջողութեամբ ընտրուած է հայ համայնքի ներկայացուցիչ, տոքթ. Տամաշ Տուրդեանը:
ԱԼՖՈՐՎԻԼ - ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ ՍԱՅԻԹ ՉԷԹԻՆՕՂԼՈՒԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Փարիզեան հայահոծ Ալֆորվիլ արուարձանին մէջ տեղի ունեցաւ թրքահայ ծանօթ մտաւորական, այժմ՝ զազրելի պատրուակներով բանտարկուած Սեւան Նշանեանին զօրակցութեան երեկոյթ մը, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ: Հանդիպումը կազմակերպած էր Եւրոպայի Հայկական Խորհուրդը, որ այս առթիւ Թուրքիայէն հրաւիրած էր այլախոհ պատմաբան, գիտաշխատող Սայիթ Չէթինօղլուն: Այս երեկոյթը կը հանդիսանար Նշանեանին զօրակցութեան արշաւին օղակներէն մէկը: Երեկոյթին պաշտօնական տիտղոսը «Մարդկային իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ» ըլլալով հանդերձ, գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Սեւան Նշանեանի պարագային:
Կազմակերպիչ Խորհուրդին անունով երեկոյթին բացումը կատարեց Սարօ Մարտիրեան: Սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած բազմութեան ան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան հիւրը, յայտարարեց, թէ հոն կը գտնուի նաեւ թուրք այն յանդուգն երիտասարդ հրատարակիչը՝ «Փրոփականտա» հրատարակչատան պատասխանատուն, որ քաջութիւնն ունի հրատարակելու Չէթինօղլուի գործերը, որոնք առհասարակ չեն համապատասխաներ երկրին պաշտօնական կեցուածքին եւ ատով իսկ մեծապէս խանգարիչ են: Չէթինօղլու որ թրքերէն արտայայտուեցաւ, վեր առաւ Սեւան Նշանեանի քաջութիւնը, ընդգծեց զայն լռեցնելու համար պետութեան կողմէ ի գործ դրուած «խաղերը»: