Գործընկերներու, բարեկամներու եւ նախկին սաներու բազմութիւն մը, ժամանած՝ Իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն եւ արտասահմանէն, հաւաքուեր էր Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11ին, Գա Ֆոսքարի Համալսարանի Բարատտօ դահլիճին մէջ, նշելու համար Փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի կամ պարզապէս Հ. Լեւոնի եօթանասնամեակը, յիշելով անոր մանկավարժական, դասախօսական եւ գիտահետազօտական վաստակը:

Բացման խօսքը կատարեց, ի բացակայութեան Բաժանմունքի տնօրէն Փրոֆ. Թիցիանա Լիփփիելլոյի՝ որ կը գտնուէր Փեքին, փոխ-տնօրէն Փրոֆ. Տանիէլա Մենեկինի: Հ. Լեւոնի յաջորդը իր հիմնած ամպիոնին վրայ՝ Փրոֆ. Ալտօ Ֆերրարի կը վարէր նիստը: Նախ խօսեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհ. Աբբահայր Գերպ. Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեան, որ շեշտեց թէ Հ. Լեւոն Մխիթարի զաւակն է: Ապա խօսք առաւ Հ. Լեւոնի գաֆոսքարեան առաջին սաներէն Գերպ. Գլաուտիօ Կուճերոթթի, յատկապէս ժամանած Մինսքէն՝ ուր Պապական Նուիրակ է. ան խորապէս վերլուծեց Հ. Լեւոնի հայագիտական երկասիրութիւններուն աստուածաբանական խորքը, վեր հանելով յատկապէս անոր կողմէ կատարուած ինքնատիպ մշակումը ազգի կամ էթնոսի աստուածաբանութեան: Ըստ Գերպ. Կուճերոթթիի՝ Հ. Լեւոն քօղազերծեց գիտական միջազգային հասարակութեան համար Հայ Եկեղեցւոյ տիտաններուն աստուածաբանական յոյժ ինքնատիպ միտքը, անդրազանցելով նեղիմաց բանասիրապաշտութեան մը սահմանները՝ առանց դրժելու սակայն բանասիրական խստապահանջութեան:
Փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեան բնութագրեց Հ. Լեւոնի մանկավարժական-դաստիարակչական գործը, յատկապէս հայակերտումի ուղղութեամբ՝ Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ Դասընթացքի արդէն շուրջ երեսուն տարի է, ամէն Օգոստոսին, անխափան կիրարկուող ծրագրին ընդմէջէն: Ան բերաւ միանգամայն իր անձնական վկայութիւնը Հ. Լեւոնի աշխատակցութեան մասին՝ Հայ Ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան եւ ծանօթացման ուղղութեամբ միջազգային մեծագոյն դէմքերէն Փրոֆ. Ատրիանօ Ալփակօ-Նովելլոյի հետ, Միլանոյի (յետոյ փոխադրուած Վենետիկ) Հայ Արուեստի եւ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնին մէջ, նա՛եւ միջազգային սիմպոզիումներու կազմակերպութեամբ:
Օքսֆորտի հայագիտութեան ամպիոնի ղեկավար եւ ամառնային Դասընթացքի 1986ի առաջին իսկ տարուան սան Փրոֆ. Թէօ Վան Լինթ վերլուծեց Հ. Լեւոնի կերպարին բազմաշխարհեան կամ աշխարհաքաղաքացիական, կոզմոպոլիտ բացուածքը: Պոլոնիայի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ՝ Փրոֆ. Աննա Շիրինեան, նոյնպէս Ամառնայինի առաջին սաներէն, շեշտեց Հ. Լեւոնի նպաստը Հայ մշակոյթի, հայերէն լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի պահպանման գործընթացին մէջ: Գա Ֆոսքարիի թրքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Ճամփիերօ Պելլինճերի եւ Վրացագիտութեան ամպիոնի հիմնադիր եւ նախկին վարիչ Փրոֆ. Լուիճի Մակարոթթօ բացատրեցին իրենց կարգին՝ թէ Հ. Լեւոն ի՛նչպէս կը հաշտեցնէ գիտական անաչառութիւնը մարդկօրէն բառեխառն եւ հաշտարար կեցուածքի հետ: Փրոֆ. Ալտօ Ֆերրարի վեր հանեց յատկապէս Հ. Լեւոնի տեսականօրէն մշակած «տարբերակուող համալրում» եւ «բազմադիմի ինքնութիւն» յղացքներուն գիտական կարեւորութիւնը եւ այժմէական արժէքը աշխարհի ներկայ իրադրութեան մէջ:
Հուսկ, Միլանոյի Համալսարանի Հայերէնի դասախօս Փրոֆ. Պայքար Սվազլեան, որ միանգամայն Նախագահն է Իտալիոյ Հայոց Միութեան, յիշեց Հ. Լեւոնի հետ իր գործակցութեան տարիները իբրեւ քարտուղար, երբ ան կը վարէր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը (1982-1985):
Վերջաւորութեան խօսք առաւ Հ. Լեւոն՝ որ յայտնեց իր շնորհակալութիւնը նախ Բարձրեալին, ապա իր ծնողաց եւ դաստիարակներուն: Շնորհակալութիւն՝ խօսողներուն եւ ներկաներուն, սիրոյ եւ համակրանքի իրենց այս ջերմ վկայութեան համար: Շնորհակալութիւն նոյնպէս Համալսարանի իշխանութիւններուն եւ Ուսանողական Տուներու Վարչութեան՝ յատկապէս իրենց մատուցած մեծ նպաստին համար Ամառնային դասընթացքի իրականացման: Հ. Լեւոն շեշտեց մանաւանդ՝ որ իր գործունէութեան մեծագոյն ներշնչումը կը պարտի մօրը, որ եղած է իր մեծագոյն ուսուցիչը, եւ Մխիթար Աբբահօր՝ համամարդկային ու համահայկական այդ վիթխարի կերպարին:
Հանդէսը փակուեցաւ մաէսթրօ Արամ Իփէկճեանի դուդուկի վարպետ նուագով, որ կատարեց Հ. Լեւոնի նախասիրած մեղեդիներէն ոմանք՝ «Տլէ Եաման», «Հաւուն հաւուն», «Քելէ, քելէ» եւ ուրիշներ:


ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ