Ապրիլ 5-ին, Պրիւքսելի «Հայ տուն» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող, Եւրոպայի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու» հաւաք-հանդիպում:

Հաւաքին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութենէն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Ներկայ էին եւրոպական երկիրներու՝ Աւստրիայի, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Էստոնիայի, Սպանիայի, Իտալիայի, Լատվիայի, Լեհաստանի, Լիտվայի, Կիպրոսի, Մեծն Բրիտանիայի, Շուէտի, Ֆրանսայի, Ուքրանիայի հայ համայնքներէն ներկայացուցիչներ: Ընդհանուր թիւն էր 45 հոգի:
Ժողովին ներկայ էր նաեւ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկ. Յակոբ Աւագեանը:
Հաւաք-հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, Գերմանիայի մէջ ՀՀ դեսպան Վահան Յովհաննիսեան, Ռումանիայի մէջ ՀՀ դեսպան Համլետ Գասպարեան, Աւստրիայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, Պելճիքայի Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան Աւետ Ադոնցը եւ հոգեւոր առաջնորդներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ելոյթ ունեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դոմոյեանը: Յաջորդաբար յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ ՀՀ դեսպանները ներկայացուցին յանձնախումբերու կողմէ իրականացուած աշխատանքները եւ նախատեսուող ձեռնարկները տարբեր շրջաններէն ներս: Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան եւ քննարկում:

 

Հանդիպում Պրիւքսելի հայ համայնքի
ներկայացուցիչներուն հետ

Նշենք, որ յանձնախումբերու հանդիպումէն օր մը առաջ, Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպանատան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի հանդիպումը Պրիւքսելի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հրանուշ Յակոբեան՝ ներկայացնելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագրերը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ նախատեսուող միջոցառումները:

Ելոյթէն ետք նախարարը պատասխանեց համայնքի ներկայացուցիչներուն հետաքրքրող հարցերուն, որ մեծ մասով կը վերաբերէին հայաբնակ Քեսապին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն: Քննարկուեցան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու գործունէութեան հարցեր: Յաւելեալ հարցեր հնչեցին նաեւ հայ ինքնութեան եւ հայոց լեզուի պահպանման ուղղութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներու վերաբերեալ ու քննուեցան ապագայի հեռանկարները: