Ռուսիա յայտարարեց, որ իր ուժերը Ուքրանիոյ մէջ պիտի մնան, մինչեւ որ այդտեղ քաղաքական կացութիւնը «բնականոնանայ»՝ պաշտպանելու համար Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն շահերը:
Աստիճաններու վրայ բարձրացած ամերիկացին որ քարտէսը կը գծէ ի՛ր ուզած ձեւով,
խօսքը կ'ուղղէ Ռուսիան ներկայացնող արջին, որ ինք եւս քարտէսը կը գծէ ի՛ր ուզած ձեւով.-
«Հէ՜յ, դուն ո՞վ ես կը կարծես»...
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը մարդկային իրաւունքները կը պաշտպանէ «ծայրայեղ ազգայնականներու սպառնալիքէն»: Ան ըսաւ, որ «ծայրայեղ ազգայնականներու բրտութիւնը կը վտանգէ ռուս եւ ռուսախօս բնակչութեան կեանքերն ու շրջանային շահերը»:
Լաւրով յայտնեց, որ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղին դէմ նոր սադրանքներ կը պատրաստուին:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը Արեւմուտքին կոչ ուղղեց մէկ կողմ ձգելու աշխարհաքաղաքական հաշիւները եւ «ուքրանացի ժողովուրդին շահերը նկատի ունենալու»՝ աւելցնելով, որ «ներքին որեւէ տագնապ պէտք է քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ լուծել»: Ան ըսաւ, որ «Քերրիի վերջին յայտարարութիւնները անընդունելի սպառնալիքներ կը պարունակեն»:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբը աջակցեցաւ Ուաշինկթընէն Ռուսիոյ դեսպանը տուն կանչելու խնդրանքով նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայացուած դիմումին: Փաստաթուղթը պատրաստած էր ծերակուտական Եուրի Վորոպիով, որ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վիրաւորած է ռուս ժողովուրդը: Օպամա 28 Փետրուարին յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգներ միջազգային ընտանիքին հետ կը հաստատեն, որ Ուքրանիա զինուորական ներխուժման համար ստիպուած պիտի ըլլան գին վճարել»:
Նշենք, որ «Կազփրոմ»-ի արժեթուղթերուն գինը երէկ 11 առ հարիւրով անկում մը կրեց: Ամերիկեան իշխանութիւնները նաեւ Ռուսիոյ անասնաբուժական ու բոյսերու վերահսկողութեան հարցերով դաշնակցային «Ռոսսելխոզնատզոր» ծառայութեան ներկայացուցիչներուն երէկ արգիլեցին մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ:
Այլ տեսակէտներ
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ, որ Քիեւ կը գտնուի, յայտնեց, որ Ուքրանիոյ տագնապը այս դարուն Եւրոպայի դիմագրաւած մեծագոյն տագնապն է:
Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսիոյ կոչ ուղղեց իր ուժերը Խրիմէն հեռացնելու եւ ուքրանական կառավարութեան հետ երկխօսութեան սկսելու համար Ուքրանիոյ մէջ միջազգային դէտերուն աջակցելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի, ինք եւս Քիեւ մեկնեցաւ:
Ռուսամէտ զինեալներ երէկ գրաւեցին Արեւելեան Ուքրանիոյ քաղաքներէն Տոնեցքի տեղական կառավարութեան շէնքը: Խրիմի Պելպեք քաղաքին մէջ գտնուող ուքրանական օդուժի ռազմակայանէն 800 զինուորներ միացան Խրիմի բանակին, որուն նաեւ յանձնեցին 45 «Միկ» պատերազմական օդանաւեր: