Փետրուար 6-ին, Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներու խմբաւորումները յարձակում գործած են Հալէպի բանտին վրայ։ Մարտերու ընթացքին սպաննուած է ատրպէյճանցի զինեալներու հրամանատարներէն մէկը՝ չեչեն Սէյֆուլլահ Շիշանին։

Ատրպէյճանական news.lent.az կայքէջը՝ յղում կատարելով Kavkaz Center լրատու գործակալութեան թուիթրեան գրառումին, կը ներկայացնէ սպաննուած զինեալի լուսանկարը՝ աւելցնելով, որ Հալէպի մէջ անոր հրամանատարութեան տակ ատրպէյճանցիներ կը կռուին։


ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ
«Պատերազմի եւ խաղաղութեան միջազգային տեղեկագրութիւն»-ը (IWPR) կը գրէ, որ յայտնի դարձաւ, որ սուրիական հակամարտութեան մասնակից օտար զինեալներուն շարքին են ատրպէյճանցի քաղաքացիներ։ Տեսերիզները ընդդիմադիր ուժերուն շարքին ցոյց կու տան ատրպէյճանցիներ, որոնց շարքերուն մէջ կորուստներ արձանագրուած են։
Անոնց մեծամասնութիւնը կը թուի Ատրպէյճանի սիւննի փոքրամասնութեան անդամներ ըլլալ, եւ անոնք իսլամական արմատական միլիսներու կ'անդամակցին։
Ժիհատականներու յատուկ կայքէջեր կը հաղորդեն, որ Ասատի կառավարութեան դէմ կռիւներուն ընթացքին Ատրպէյճանի առնուազն 100 քաղաքացիներ սպաննուած են։
Վերջերս սպաննուածներէն մէկն էր Հիւսիսային Ատրպէյճանի Կուսար քաղաքէն 18 ամեայ Միժաթ Սէյֆուլլայեւը, որ Սուրիա մեկնելով սիւննի իսլամական Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորման անդամակցելէ առաջ Կիպրոսի մէջ կ'ուսանէր։
Համալսարանի մէջ Սէյֆուլայեւի դասընկերներէն Պահատտին Ալիեւ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ «սկիզբը Նիժաթ պարզապէս սովորական անձ մըն էր, սակայն առաջին կիսամեակի աւարտին, ան սկսաւ մօրուք ձգել։ Կը թուի ան կապ հաստատած է ուահապականներու հետ (սիւննի արմատականներ)։ Ապա սկսաւ մզկիթին մէջ քնանալ… եւ օր մըն ալ, ան պարզապէս անյայտացաւ, եւ մենք չգիտցանք թէ ուր գնաց։ Երբ իր լուսանկարը եւ տեղեկագրութիւնը տեսանք՝ զինք ճանչցանք»։
Նաժաֆ Քարիմով, որ միայն 14 տարեկան էր, իր կարգին այս ամիս մահացաւ։ Ան Նախիջեւանի Շարուր շրջանէն էր։ Անոր հօրաքոյրը Կոնել Պապայեւա IWPR-ի հաստատեց անոր մահը՝ յայտնելով, որ ան իր հօր կողքին Ժէյշ ալ-Մուհաժիրին ուալ-Անսար խմբաւորման շարքերուն մէջ կը կռուէր։
IWPR-ի մէկ լրագրողը, որ գործով Սուրիա կը գտնուէր նկատեց, որ ընդդիմութեան կողքին կռուող ատրպէյճանցիները գլխաւորաբար մաս կը կազմեն Ժապհաթ Նուսրայի կամ Ժէյշ ալ-Մուհաժիրին ուալ-Անսարի։ Վերջինս կազմուած է օտարներէ, եւ ատրպէյճանցի կամաւորները նոյնիսկ Ապու Եահիա Ազերի ծածկանունով իրենց յատուկ հրամանատարը ունին։ Կը հաղորդուի, որ ան վերջերս սպաննուած է։
Ատրպէյճանցի զինեալները ընդհանրապէս կը գտնուին Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ։ Ասոր պատճառը մասամբ այն է, որ անոնց լեզուն ու սովորութիւնները տեղւոյն սուրիացի թիւրքմէններուն լեզուին ու սովորութեանց նման է եւ մասամբ, որովհետեւ այդ քաղաքները Թուրքիոյ սահմանին մօտ են, ուստի Սուրիա նոր հասնողներուն համար աւելի հասանելի են։


«Պաքուի համար սպառնալիք կրնան դառնալ այս զինեալները»

Պաքուի մէջ Արեւելք-Արեւմուտք հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Արասթուն Օրուճլու IWPR-ի յայտնեց, որ անգամ մը, որ զինեալները սկսին Ատրպէյճան վերադառնալ, անոնք կրնան նկատառելի խնդիրներ ստեղծել։
‘’Այս զինեալ խմբաւորումներուն անդամ երիտասարդները օտար երկիրներու գործակալներու կողմէ լաւ մարզուած են։ Անոնք յատուկ պարտականութեանց համար կþօգտագործուին։ Անոնց Ազրպէյճան վերադարձը սովորական տուն դարձ մը պիտի չըլլայ’’, ըսաւ Օրուճլու։ ‘’Կը կարծեմ, որ եթէ վերադառնան, պիտի գան յատուկ նպատակներով, որոնք կը կասկածիմ թէ խաղաղ պիտի ըլլան։ Պէտք է այդ մասին հիմա մտածենք, որպէսզի հետագային սուղ գին չվճառենք’’։
Ատրպէյճանի գաղտնի սպասարկութեան՝ Ազգային ապահովութեան նախարարութեան նախկին անդամ Իլհամ Իսմայիլ սիւննի ժիհատական զինեալները երկրին ուղղակի սպառնալիք մը կը նկատէ, որովհետեւ անոնք կրնան ջանալ իսլամական պետութիւն մը ստեղծելու։ ‘’Այդ մարդիկը, այդ արմատական իսլամականները երբեմն փորձած են ահաբեկչական արարքներ գործել եւ Ատրպէյճանի մէջ մանր դէպքեր կատարած’’, ըսաւ ան։ ‘’Ատրպէյճանցի քաղաքացիները Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա կ'անցնէին անձնական նախաձեռնութեամբ։ Սակայն հիմա այդ հոլովոյթը կը վերահսկուի որոշ անհատներու կողմէ, եւ կազմակերպուած է’’, ըսաւ ան: