Տենդագին քուլիսային խորհրդակցութիւններէ ետք, կղզիի երկու համայնքներու ղեկավարներու հանդիպումը կայացաւ երէկ Երեքշաբթի օր, բանակցութիւնները վերսկսելու փոխադարձաբար յայտնուած վճռակամութեան կլիմայի մէջ:

Նիկոսիոյ օդակայանին մօտ, Կիպրոսի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչ Լիզա Պաթէնհայմի կողմէ ընթերցուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը:
Կղզիի գրաւեալ բաժնի ղեկավար՝ Տերվիշ Էրօղլու անցեալ շաբաթ իր համամտութիւնը յայտնած էր միացեալ յայտարարութեան բնագրի մշակումին առընչութեամբ, այնպէս ինչպէս ան վերջին օրերուն բարեփոխոման ենթարկուեցաւ։
Տուեալ հանդիպումը նոր էջ մը կÿակնկալուի բանալ Կիպրոսի հարցի բանակցութիւններու գործընթացին մէջ: