Գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, Շաբաթ, 8 Փետրուարին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական աշակերտական միօրեայ Դ. սեմինարը,

որուն նիւթն էր «Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւնները եւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը», մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու ներկայացուցիչներու:

Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներէն ետք, սեմինարին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վար- ժարանի Աշակերտական խորհուրդի ատենապետ Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտին գոյատեւման նպաստող կարեւոր ազդակ է ազատ հայրենիքը եւ այս առնչութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան երկքաղաքացիութեան օրէնքը առաւել եւս կ՛ամրացնէ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ լիբանանահայ աշակերտը ընկերութեան զարգացման մէջ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը, եւ այս առնչութեամբ պէտք է գիտակցօրէն եւ գործնական միջոցներով մասնակից դառնայ Հայաստան-սփիւռք յառաբերութիւններու զարգացման աշխատանքներուն: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանին, սեմինարի դասախօսներուն եւ մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, որոնց համատեղ ջանքերով կարելի եղաւ իրականացնել նշեալ նախաձեռնութիւնը:
Իր կարգին, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայաստանի այսօրուան իրավիճակը, պետութեան գործունէութիւնն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն ընթացքը: Պրն. Քոչարեան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է հիւրընկալելու հայ աշակերտները, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանան հայրենիքին: Դեսպանը մեծապէս գնահատեց 75-ամեայ Մեսրոպեան վարժարանին աշխուժ եւ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, որ հայաակրթական իմաստով ունի իր իւրայատուկ կարեւորութիւնն ու արժէքը:
Սեմինարի զեկուցաբերներն էին պրն. Շահան Գանտահարեան, որ ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացիութեան օրէնքը եւ անոր համահայկական արժէքը» նիւթը եւ պրն. Նազարէթ Ճէրէճեան, որ խօսեցաւ Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւններուն կարեւորութեան եւ ընդհանուր միջոցներուն մասին:
Աշակերտները հարցումներով եւ տեսակէտներով իրենց մասնակցութիւնը բերին զեկուցումներուն ապա դիտեցին Հայաստանի մասին տեսերիզ մը: