Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նշեալ մարմինի երկրորդ կլոր սեղանը՝ «Լիբանանահայութիւնը եւ յոռի երեւոյթներուն անդրադարձը» նիւթով եւ «Միասնաբար մտածենք լուծումներու մասին» առաջադրանքով:

Հոգեւոր հայրերու, երեք համայնքներու, միութենական ներկայացուցիչներու, ծնողներու, ազգայիններու եւ յատկապէս երիտասարդներու ու ուսանողներու հոծ բազմութեան ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին անունով կատարեց Վիգէն Գուճանեան։ «Խառն ամուսնութիւնը աւերներ կը գործէ հայ կեանքին մէջ, հայ երիտասարդութիւնը՝ կլանուած ինչ-ինչ շռայլ խոստումներէ, զոհ է», ընդգծեց Գուճանեան՝ նշելով, որ ընկերային-հասարակական յոռի երեւոյթներ մարտատհրաւէրներ են, որոնք մեր դէմ կը ցցուին՝ ժխտական ազդեցութիւն ունենալով:
Օրուան զրուցավարն էր Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ նշեց յոռի երեւոյթները՝ ընդգծելով, որ անոնք կը վտանգեն մեր ազգային ինքնութիւնը: «Դարը փոխուած է ընկերութիւն հասկացողութիւնը շատ աւելի բարդ է ներկայիս», շեշտեց Ծատուրեան, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան զեկուցաբեր-բանախօսները՝ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան՝ ճարտարարուեստական հոգեբանութեան մասնագէտ եւ միութենական բազմաթիւ պատասխանատուութիւններով գործօն անդամ, պատուելի Սեպուհ Թերզեան՝ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն, Անի Գալուստ՝ հայ բանտարկեալներու հետ երկարամեայ փորձառութիւն ունեցող ընկերային ծառայող, Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան՝ դպրեվանքի փոխտեսուչ, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժնի պատասխանատու:
Զեկուցաբերները անդրադարձան նշուած ախտավարակ երեւոյթներուն: Զեկուցումներուն ընթացքին մէջ ընդ մէջ ցուցադրուեցան տեսանիւթեր, ուր հայ երիտասարդներ, երէցներ, առեւտրականներ, ծնողներ եւ հայուհիներ իրենց կարծիքները փոխանցեցին օրուան նիւթերուն շուրջ՝ պարզելով այդ յոռի երեւոյթներուն ժխտական անդրադարձները հայ ընտանիքին եւ հայ ընկերութեան վրայ:
Պատուելի Սեպուհ Թերզեան, նշեց, թէ անցեալին ոչ թէ պայման էր հայ ըլլար հայ երիտասարդին կամ երիտասարդուհիին ապագայ կողակիցը, այլեւ՝ հայրենակից: Ան կէս կատակ կէս լուրջ նշեց, թէ ինչպէս հայկական կարգ մը շրջանակներու մօտ նկատի կ՛առնուէին նաեւ հայուհիին ճաշ եփելու ունակութիւնները…: «Օտար ամուսնութիւնները ներսէն կը հիւծեն մեր ընկերութիւնը», շեշտեց պատուելի Թերզեան, նշելով, որ ըստ եկեղեցական «լաւատես» աղբիւրներու, խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը հասած է 30 առ հարիւրի՝ մեր ընկերութեան մէջ: Ան աւելի վտանգաւոր նկատեց նման ախտավարակ երեւոյթներու (օտարամոլութեան, խառն ամուսնութիւն…) բնական երեւոյթի վերածուիլը: