Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վահան Յովհաննիսեան Գերմանիոյ գիւղատնտեսական մեծագոյն արտադրողներէն մէկուն՝ Վերներ Հարթմանի հետ 5 Փետրուարին այցելեց Պերլինի մէջ բացուած «Ֆրութ Լոճիսթիքս» միջազգային ցուցահանդէսը, ուր Վ. Հարթմանի ընկերութիւնը ներկայացուած է իր ծաւալուն տաղաւարով:

Վերներ Հարթման վերջերս այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղ եւ քննարկած էր այնտեղ լուրջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու նիւթը: Հարթման եւ Յովհաննիսեան քննարկեցին Արցախի մէջ ներդրումային ծրագիրներու կարելիութիւնները: