Ուրբաթ, 7 փետրուար 2014-ին, Սոչիի մէջ (Ռուսիա), պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան 22-րդ ձմեռնային ողիմպիականի խաղերը՝ բացման պաշտօնական եւ տպաւորիչ հանդիսութեամբ:

Տողանցքին ընթացքին Հայաստանի հաւաքականէն Եռագոյնը բարձրացուցած էր Սերկէյ Միքայէլեանը:
16 օրերու վրայ երկարող այս խաղերուն, շուրջ 2900 աթլեթներ պիտի պայքարին 98 մետալի համար:
Բազմաթիւ երկիրներու նախագահներուն, որոնց կարգին, հիւրընկալ երկրին նախագահը՝ Վլատիմիր Փութին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցան բացման հանդիսութեան:
Հայկական պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարար Եուրի Վարդանեանը:
Նշենք, որ այս խաղերուն Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ Սերկէյ Միքայէլեան, Արթուր Եղոյեան, Քաթիա Գալըստեան (երեքն ալ դահուկավազք) եւ Արման Սերեպրաքեան (լեռնադահուկ):
Մասնակցող երկիրներուն աթլեթներուն տողանցքէն ետք, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական շատ ճոխ յայտագիր մը, որ վկայեց այն մասին, որ կազմակերպչական մեծ եւ կանոնաւոր աշխատանք տարուած էր՝ խաղերու բացումը ըստ արժանւոյն կատարելու:

Հայ մարզիկներու ելոյթներու ժամանակացոյց

Դահուկավազքի մէջ մասնակցող Սերգէյ Միքայէլեանը Փետրուար 10ին (ժամը 14:00-էն 16:00) պիտի մրցի 15 + 15 քմ մրցավազքի (սկիաթլոն): Փետրուար 11-ին, նոյն ժամերուն, Սերգէյը հանդէս պիտի գայ արագավազքի մէջ: Փետրուար 14 -ին՝‘ 15 քմ դասական ոճ, Փետրուար 23-ին, ժամը 11-ին աշոցքցի վարպետը պիտի սկսի 50 քմ ազատ ոճի դահուկավազքը կատարել, որ պիտի տեւէ գրեթէ երեք ժամ։
Նոյն օրերուն եւ ժամերուն ասպարէզ պիտի գայ նաեւ Արթուր Եղոյեանը։
Կիներու մրցաշարքին պիտի մասնակցի Քաթիա Գալստեանը, Փետրուար 13-ին (ժամը 14:00-15:40-ին) 10 քմ դասական ոճի դահուկավազքի մէջ։
Լեռնադահուկորդ Արման Սերեբրակեանը Փետրուար 19-ին հանդէս պիտի գայ հսկայ ոլորավայրէջքին, իսկ Փետրուար 22-ին՝ յատուկ ոլորվայրէջքին:
Մրցումները պիտի աւարտին մօտ 10 օրէն, իսկ փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 23-ին