Ողիմպիական  հրադադար  Պաքուի  եւ  Երեւանի  միջեւ

Մինսկի խումբի համանախագահներու տարածաշրջան կատարած վերջին այցելութեան թերեւս միակ առարկայական արդիւնքը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ
պիտի գտնուի բացման արարողութեան

Սոչիի մէջ այսօր երեկոյեան պաշտօնական բացումը տեղի կ'ունենայ Ձմեռնային Ողիմպիական մրցումներուն: Ռուսաստանը, որպէս խաղերու

կազմակերպիչ եւ հիւրընկալ պետութիւն՝ աշխարհի բոլոր զինուած հակամարտութիւններու կողմերուն «ողիմպիական զինադադարի» կոչ ուղղած է: Այս ծիրէն ներս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ շեշտը դրած է յատկապէս Սուրիոյ վրայ:
Երեւանն ու Պաքուն խոստացած են չխախտել հրադադարը Ողիմպիական մարզախաղերու կայացման շրջանին: Այս հարցի մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, գրելով. «Լաւ լուր: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները վերահաստատեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարը պահպանելու պարտաւորութիւնը՝ մասնաւորաբար Ողիմպիական խաղերու ընթացքին»:
Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մէկ այլ յայտարարութեան համաձայն՝ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան  ներկայ գտնուելու համար Սոչի ժամանած են 44, իսկ ընդհանուր առմամբ՝ 60 երկիրներէ պատուիրակութիւններ: Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով նաեւ արձագանգած է այն տեղեկութիւններուն, թէ որոշ երկիրներ արհամարհած են խաղերուն մասնակցելու հրաւէրը: Ըստ Լաւրովի խօսքերուն՝ նախապէս երբեք մասնաւոր կարեւորութիւն չէր տրուեր թէ ո՛վ է գալու բացման արարողութիւններուն, սակայն ներկայիս, ոմանք ամէն ինչ կ'ընեն «սեւցնելու» համար Ռուսաստանը: Ան յստակցուցած է թէ հրաւէրը կ'ուղարկէ ոչ թէ հիւրընկալող երկիրը, այլ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն:
Ռուսաստանի անվտանգութեան ուժերը պատրաստուածութեան բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին: Այսուհանդերձ, ամերիկեան հետախուզութիւնը նախազգուշացում հրապարակած է Ռուսաստանի վերեւ  թռիչքներ կատարող օդանաւային ընկերութիւններուն, որ ահաբեկիչներ կրնան հարուա-               ծել օդանաւները:

 

Ատրպէյճան ամէնէն բարձր դրամական պարգեւները խոստացած է
Ողիմպիական խաղերու մասնակից իր մարզիկներուն

Ոսկի մետալ մը նուաճելու գինը կը տարուբերի զանազան երկիրներէն Սոչի ժամանած մարզիկներուն մօտ: Տասնեակ հազարաւոր, նոյնիսկ հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը խոստանան երկիրները՝  մեծ նուաճումներ արձանագրած մարզիկներուն:
Յատկանշական է, որ ամէնէն բարձր դրամական պարգեւները խոստացած է Ատրպէյճանը: Չորս մարզիկներէ բաղկացած Ատրպէյճանի ազգային խումբին համար դրամական շահը շատ բարձր պիտի ըլլայ: Ոսկի մետալ նուաճող մարզիկին համար սահմանուած է 510 հազար տոլար, արծաթ մետալին համար 255 հազար, իսկ պրոնզէ մետալին համար 130.000:
Հայաստան իր կարգին 30 հազար տոլարով պիտի պարգեւատրէ ոսկեայ մետալ նուաճող մարզիկը, 20 հազարով՝ արծաթը եւ 10 հազարով՝ պրոնզը: Նշենք սակայն, թէ ոչ Ատրպէյճան ոչ ալ Հայաստան երբեք մետալի չեն արժանացած ձմեռային վերջին Ողիմպիական մրցումներուն:
Ռուսաստանը որ մետալներ նուաճելու բաւական հնարաւորութիւններ ունի, իր մարզիկներուն    խոստացած է 113 հազար տոլարէն մինչեւ 42 հազար տոլար՝ ոսկի-արծաթ-պրոնզ մետալներուն համար: