2014ին ռուսական բնական կազը աւելի աժան պիտի ծախուի Եւրոպայի մէջ:Ինչպէս կը հաղորդեն ռուսական լրատուամիջոցները «Կազփրոմ»ը ստիպուած եղած է նուազեցնելու «երկնագոյն (կապոյտ) ոսկիի» գինը՝ դիմադրելու համար միջազգային մրցոյթի պայմաններուն:
2014ի իր նախահաշիւով «Կազ-փրոմ» յայտարարած է կազի նոր գինը՝ որ 1000 ք.մեթրի համար 15 տոլարով նուազ է, քան 2013ին սահմանուած գումարը: (Այս գիները ի զօրու են օտար պետութիւններուն համար, որոնք չեն պատկանիր նախկին Խորհրդային Միութեան): «Կազփրոմ» յայտարարած է նաեւ թէ ըստ իր գնահատումներուն՝ նաֆթի գինը եւս պիտի նուազի յառաջիկային: