ՇԹՈՒԹԿԱՐՏ

Հայկական Մշակոյթի Օրեր՝ Շթութկարտի Մէջ

Վկայակոչելով Գերմանիոյ հայկական համայնքի աղբիւրը՝ “Երկրամաս” թերթը կը տեղեկացնէ, թէ 16-22 Սեպտեմբերին իրականացած հանդիսութիւնները կարելի է լիակատար յաղթանակ համարել եւ Պատէն-Վիւրթեմպըրկի հայերու համար` նոր դարաշրջանի սկիզբ: Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին առնչութեամբ Պատէն-Վիւրտեմպըրկի հայկական համայնքը եւ Շթութկարտի հայկական մշակութային ընկերակցութիւնը իրականացուցին մշակութային մեծ ծրագիր՝ ամենաբարձր մակարդակով:


Ծրագիրով ներկայացուած էր հայկական հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութիւն, գուսանական ու դասական ոճ: Հայկական մշակութային օրերուն մասնակցելու համար Հայաստանէն հրաւիրուած էին Շողակն անսամպլը, երգահան-երաժշտահան Ռոպերթ Ամիրխանեանը եւ շարք մը հայ տաղանդաւոր երաժիշտներ:

 

ՊՈԼԻՍ

ԵՐԲ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ ԲԱՐՁՐԱՑՈՂ ՇԷՆՔԸ ՍՏՈՒԵՐԻ ՄԷՋ
ԿԸ ԹՈՂՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԶԿԻԹԸ

Թրքական «Ագշամ» թերթը Սեպտեմբեր 24ին կը հաղորդէր, թէ Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի ՃԷ ՀԷ ՓԷ (Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութիւն) անդամ Տուրսուն Չալթը բողոքի դիմում ներկայացուցած է Գարակէօզեան տան պատկանող հողատարածքին վրայ կառուցուող երկնաքերին առընչութեամբ՝ նշելով որ ան ստուերի մէջ կը թողու Շիշլիի պատմական մզկիթը: ՃԷ ՀԷ ՓԷ-ի անդամ Չալթը դատարան դիմած է՝ հետը տանելով Շիշլիի մզկիթի ու 1950ականներուն Շիշլիի այգ հատուածէն լուսանկարներ, անոնց կցելով նաեւ երկնաքերին լուսանկարները: Ըստ իրեն, այս նոր շինութիւնը ոչ միայն Շիշլիի մզկիթին, այլ ընդհանրապէս Պոլսոյ համայնապատկերին վնաս կը պատճառէ եւ ներհակ է քաղաքի պատմական դիմագիծին:
Նշենք, որ Գարակէօզեան տան պատկանող հոտարածքին վրայ նախապէս կը գործէր շուկայ մը, նախքան Գարակէօզեան տան խնամակալութեան՝ այդ 6.5 արտավար հողատարածքին վրայ պանդոկ եւ «ռէզիտանս»ներ կառուցանելու մասին որոշում կար:

 

ԵԳԻՊՏՈՍ

Դասախօսութիւններ Եգիպտահայ Տպագրութեան Մասին՝ Աղեքսանդրիոյ Մատենադարանին Մէջ

Աղեքսանդրիա (Արմաւենի) - Հայաստան եւ եգիպտահայ համայնքը կը մասնակցի «Տպագրութեան եւ Հրատարակութեան Պատմութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի Լեզուներու եւ Երկիրներու Մէջ» խորագրով համագումարին, որ սկսաւ 27 Սեպտեմբերին,  Աղեքսանդրիոյ Մատենադարանին մէջ:
«Սա  4-րդ համագումարն է, սակայն մենք առաջին անգամն է որ կը մասնակցինք», կը տեղեկացնէ կազմակերպող յանձնախումբի անդամ Ճորճ Սիմոնեան: Հայաստան  7 հոգինոց խումբով մը ինչպէս նաեւ եգիպտահայ գաղութը կը մասնակցին առանձինն, ձեռագիր գիրքերու ցուցահանդէսով, առաջին անգամ ըլլալով:
«Հրաւէրները ղրկուած են Աղեքսանդրիոյ Մատենադարանի Ընդհանուր Տնօրէն Իսմաիլ Սիրակ Ալ Տինի եւ Եգիպտոսի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Արմէն Մելքոնեանի անունով»:
Դասախօսութիւններու ամբողջ շարք մը՝ երէկ Սեպտեմբեր 27-ին, նուիրուած էր հայ գիրքին ու տպագրութեան՝ ընդգրկելով նիւթին առնչուող զանազան գիտանիւթեր: Առաջին նիստին  նախագահեց  դեսպան Մելքոնեան, երկրորդին ՝ Ներսէս Տէր Վարդանեան:
Համագումարին կը մասնակցին 70 տարբեր երկիրներ: Համանուն խորագրով համագումար առաջին անգամ տեղի ունեցաւ 2002ին, Կիւթէնպէրկի թանգարանին մէջ, երկրորդ անգամ՝ 2005ին Ֆրանսայի Ազգային Գրադարանին, իսկ երրորդը՝ 2008ին Գերմանիոյ Լայփցիկ Համալսարանին մէջ: