Վերջերս հրապարակուած Ճափոնի առողջապահութեան նա խարարութեան տուեալներուն համաձայն, 47.756 ճափոնացիներ կան, որոնց տարիքը 100էն կանցնի:

Այս թիւը վերջին 12 տարիներուն ընթացքին՝ չորս անգամով աւելցած է: Անոնց 87.1% տոկոսը կիներ են, որոնցմէ ամէնէն տարէցը՝ 114 տարեկան Ցիղիօնօ  Հասեկավան, որ 1896ի ծնունդ է:
Ճափոնի բնակչութիւնը 128 միլիոն մարդ կը հաշուէ: «Ծերացող» ընկերութիւններուն մէջ առաջնակարգ դիրքերու վրայ կը գտնուի Ճափոնը: Ծնունդները հետզհետէ կը նուազին, մինչ կեանքի երկարակեացութիւնը կաճի: Այս իրավիճակը քաղաքացիներու  հարկային դրութեան եւ թոշակներու տրամադրման մէջ փոփոխութիւններ առաջ բերած է: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին 24.952 քաղաքացիներ թեւակոխեցին իրենց 100րդ ամեակը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը արծաթեայ բաժակ մը եւ շնորհաւորական նամակ մը ստացաւ երկրի վարչապետին կողմէ:
Անցեալ տարի հրապարակումներ լոյս տեսան ճափոնական մամուլին մէջ, ուր կասկածի տակ կÿառնուէր 100ամեայ տարէցներու ցանկի ճշգրտութիւնը: Սակայն նախարարութիւնը, Սեպտեմբեր 19ին, Տարէց-ներու նուիրուած օրուան ընթացքին, յայտարարեց թէ ցանկերը ճիշդ են: