Գերմանիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով թուրք մը նախարարական պաշտօնի մը կոչուած է: Այսպէս, Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահ Այտան Էօզողուզ նշանակուած է Ներգաղթի, գաղթականներու եւ համարկումի պետական նախարար:
Ան Գերմանիա հաստատուած թուրքերու երկրորդ սերունդին կը պատկանի: Դեկտեմբեր 5ին ընտրուած էր Ընկերվար ժողովըրդավար կուսակցութեան հինգ փոխ նախագահներէն մէկը:
ԳԵՐՄԱՆԻԱ - ԹՈՒՐՔ ՄԸ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ Է
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր