Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուշադրութեան կեդրոնին մը շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը եւ սուրիահայութեան ծանր կացութիւնը: Ըստ «Արմէնփրես»-ին՝ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն տեղեկացուցած են, որ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 100.000 տոլար գումար փոխանցած է Դամասկոսի հայոց թեմին՝ Սուրիոյ հայկական դպրոցներու կարիքներուն համար:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերը Մայր Աթոռի միջոցով պարբերաբար աջակցութիւն կը ցուցաբերեն սուրիահայութեան՝ յաղթահարելու դժուարին պայմանները:
Մայր Աթոռը Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն նուիրած է 100 հազար տոլար
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր