Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2013, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նիկոսիոյ Ազգային առաջնորդարանի «Վ. Իւթիւճեան» սրահին մէջ՝ տեղի ունեցաւ հետաքըրքըրական Զրոյց-Քննարկում, ընդհանուր նիւթ ունենալով՝ «Հայատառ Մամուլին Դիմագրաւած Խնդիրները»:
Ձեռնարկը նուիրուած էր Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի մամլոյ-հրատարակչական գործունէութեանց 25-ամեակին, որոնց մէջ յատկապէս՝ «Արծիւ» ամսաթերթի եւ «Գառնի» մատենաշարի խմբագրական աշխատանքները: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր կիպրահայ հայատառ մամուլի օրկաններուն, ի մասնաւորի պրն Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ, եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը՝ կիպրահայ պետական ներկայացուցիչ տիար Վարդգէս Մահտեսեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ պրն Հրայր Ճէպէճեան, շեշտելով յատկապէս, որ Սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ, հայատառ մամուլը՝ տեղեկատուական այլ միջոցներուն մէջ, բացառիկ նշանակութիւն ունեցեր էր՝ հայապահպանման մեր ճիգերուն մէջ, հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին եւ հայ եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ միութեանց եւ ակումբներու կողքին: Ան անդրադարձաւ որ ներկայիս, համացանցը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ որ մամուլը աւելի լայն հաղորդակցութեան դաշտ ունենայ եւ յետադարձ կապ ստեղծուի ընթերցողին եւ մամուլին միջեւ: Ապա ան ներկայացուց օրուան զերկուցաբերներն ու նիւթերը: Յաջորդաբար խօսք առին՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեան՝ «Հայատառ մամուլին դերը հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման մէջ» նիւթին շուրջ, տիկ. Երան Գույումճեան՝ «Հայատառ մամուլը եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամբողջացումը» նիւթին շուրջ, պրն. Ահարոն Շխրտըմեան՝ «Հայատառ մամուլը եւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հոլովոյթները» նիւթին շուրջ եւ պրն. Արթօ Դաւիթեան՝ «Կիպրահայ հայատառ մամուլը- ազգային մշակութային եւ ինքնութեան պահպանման ներկայի եւ ապագայի գործօնները» նիւթին շուրջ:
Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան շեշտը դրաւ առաւելաբար այն կարեւոր իրականութեան, որ մամուլը վերապրելու գաղափարախօսութիւն մըն է, որ կ’ընդգրկէ՝ լեզուապահպանման, յատուկ ինքնութեան, միասնականութեան, պատմական հաւատարմութեան եւ փայլուն ապագայի հեռանկարի պահպանման գործօնները: Ան աւելցուց, որ հայ մամուլը հայ ժողովուրդին համար դարձաւ՝ մշակութային, ազգային եւ աստուածատուր այբուբենին վերապրումի խորհրդանիշ: Ան յատկապէս նշեց. «Հայ մամուլի հիմնադրութիւնը մեծապէս սատարեց արմատախիլ եղած հայ ժողովուրդին, որ կարիքը ունէր կարեկցութեան եւ հարազատութեան՝ պանդխտութեան օրերուն՝ առաջնահերթ դասելու հայոց լեզուն, վերակազմաւորուելու եւ վերահաստատելու իրենց ազգային միասնականութիւնը»: Իր խօսքի աւարտին, դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ցաւ յայտնեց, որ այսօր, Սփիւռքի տարածքին, սերունդ մը մէջտեղ կու գայ, որ չի գիտեր հայերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ: «Անոնք պիտի կորսնցնեն ազգային ինքնութիւն, ազգային մշակոյթի սէր, պատկանելիութիւն եւ պատմական հասկացողութիւն», շարունակեց ան, եւ այս առումով, խիստ գնահատելի եւ կարեւոր համարեց հայ մամուլի ու համացանցի օգտագործումը:
Տիկ. Երան Գույումճեան սահմանեց մամուլին եւ լրագրողին գերագոյն առաքելութիւնը, ըսելով. «Արթնցնել հայ հանրութիւնը՝ անոր անտարբերութեան, ինքնախաբէութեան եւ ստրկամտութեան թմբիրէն, զայն ազատագրել իր քարացած կարծրատիպերէն եւ զայն մղել խորունկ ինքնաճանաչման»: Ան աւելցուց որ ընթերցողին հետ սիրտէ-սիրտ, հոգիէ-հոգի անկեղծ, ճշմարիտ, անկաշկանդ այլեւ պատասխանատու խօսքն է, որ անմիջապէս կը կապէ ընթերցողը մամուլին եւ՝ փոխադարձաբար, աւելցնելով որ ազատ եւ յանձնառու մամուլը պարտի մինչեւ վերջ անկեղծ ըլլալ իր խօսքին մէջ, քանզի՝ «ճիշդ ախտանշումն է որ կրնայ դարմանել մեր ազգային-հաւաքական վէրքերը, եւ որ վէրքը ծածկելը ջայլամային վարքագիծ է պարզապէս, որ միայն ինքնախաբէութեան կրնայ առաջնորդել մեզ»: Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ան կարեւորեց Հայրենօգնութեան սրբազան նպատակը, որուն սատարեր էր Սփիւռքը լիաբուռն, հաւատալով որ անկախ պետականութիւնն է որ կ’երաշխաւորէ հայութեան լինելութիւնը, անոր անկատար իղձերուն եւ երազներուն կենսագործումը: Ան մանրամասնօրէն նշեց այն խոչընդոտները, որոնք կան՝ Հայաստան-Սփիւռք բաղձալի համագործակցութեան, ուժերու եւ կարելիութեանց միաւորումին դիմաց, կարեւոր համարելով այդ խոչընդոտները բառնալու խնդիրը:
Պրն. Ահարոն Շխըրտըմեան, Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած, պատմականը ըրաւ հայ մամուլի անցած ուղիին, «Ազդարար»էն մինչեւ մեր օրերը, շեշտելով որ Ցեղասպանութենէն ետք, տասնամեակներ շարունակ, հայ մամուլը Սփիւռքի մէջ իր ներուժը վատներ էր Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ թեր կամ դէմ դիրքորոշումներով: Ցեղասպանութեան արծարծումը գերազանցօրէն թափ հաւաքեր էր Եղեռնի Յիսունամեակին եւ անկէ ետք, երբ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, հայ մամուլով թէ գիրքերու հրատարակութեամբ, այդ թեման կը դառնար հայ հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտը: Սակայն տասնամեակներ շարունակ, Հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը դարձեր է մեր Պահանջատիրութեան կորիզը, ինչ որ միայն բարոյական բնոյթ ունի եւ ոչ քաղաքական, շեշտեց ան:
Պրն. Արթօ Դաւիթեան նշեց այն բոլոր հայկական թերթերու անունները՝ իրենց հիմնադրումի եւ փակումի թուականներով, որոնք լոյս տեսեր էին Կիպրոսի մէջ, ժամանակ առ ժամանակ: Ան մասնաւորաբար շեշտեց, որ ապագան շատ փայլուն չէ հայ թերթի ապագային համար, մեր կղզիէն ներս, քանի որ երիտասարդները չեն հետաքրքրուած հայերէնով, հայ գիրով, մամուլով թէ գիրքով.... աւելցնելով յատկապէս, որ անոնք նոյնիսկ իրենց առօրեայ խօսակցութեանց մէջ, սկսած են մտածել յունարէն կամ անգլերէն լեզուներով եւ տակաւ կը հեռանան հայերէն լեզուամտածողութենէն:
Ներկաները նաեւ առիթը ունեցան՝ համացանցային սարքով, դիտելու Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի գնահատական խօսքը ուղղուած հայ մամուլին, լրագրողներուն եւ խմբագիրներուն, եւ յատկապէս Վարուժան Արքեպիսկոպոսին, անոր քառորդ դարեայ արդիւնաշատ անխոնջ նուիրումին՝ հայ գիրին, գիրքին, մամուլին, հայ մշակոյթին:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վարուժան Արքեպիսկոպոս ընդգծեց որ պէտք չէ յոռետեսական ըլլալ ապագային համար եւ պատգամեց որ ամէն մարդ իր գործը պէտք է ընէ առանց յուսահատելու: «Խաւարը անիծելու տեղ, մոմ մը վառէ՛», ըսաւ ան: Հուսկ, Պահպանիչով վերջ գտաւ այս հետաքրքրական, մտորելու, մտածելու առիթ տուող ձեռնարկը:
Երան Գույումճեան