Անցնող շաբաթավերջին  Հալէպի Ազիզիէ շրջանի ՀՄԸՄ-ի պարտէզ-մազարանի շրջակայ տարածքը հրթիռակոծման ենթարկուած է: 

ՀՄԸՄ պարտէզին կից շէնքին վրայ ինկած հրթիռին պատճառով հրկիզուած են մարզարանի պասքէթպոլի եւ թէնիսի գոց մարզադաշտերուն առաստաղները: Այս մասին կը յատնէ ԵՌԱԳՈՅՆ կայքէջը, վկայակոչելով Հալէպի մէջ իր աղբիւրները:
Վրայ հասած են հրշէջ փրկարարական ջոկատները, որոնք կրցած են առաջքը առնել տարածուող հսկայ հըրդեհին: Կողքի բնակարանը ամբողջութեամբ այրած է: Մարզարանի կողքին գտնուող շտեմարանին մէջ ժողովուրդին կարիքներուն համար  պահուող կազի շիշերը բարեբախտաբար դատարկ եղած են:
Նոր Գիւղի «Կիլիկիա» շէնքին վրայ նոյնպէս ինկած են հրթիռի բեկորներ: Բարեբախտաբար մարդկային զոհեր չկան: Կան նիւթական թեթեւ վնասներ: