ՀՕՄ-ը Յաջորդ Տարի Եւս Պիտի Շարունակէ Օգնել
Սուրիահայերուն Եւ Արցախին

Հայ Օգնութեան Միութեան գլխաւոր մարտահրաւէրը դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած սուրահայերուն օգնելն է: 2013-ի ընթացքին 102-ամեայ կենսագրութիւն ունեցող բարեգործական այս կազմակերպութիւնը Սուրիոյ մէջ իրականացուցած է տարբեր ուղղութիւններով աջակցութեան չորս ծրագիրներ:

Ըստ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանի խօսքերուն, այդ ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան նաեւ 2014-ին: «Պատերազմի առաջին օրէն սկսած՝ մեր կազմակերպութիւնը առաջիններէն էր, որ օժանդակութիւն ուղարկած է Սուրիա: Մեր առաջին ծրագիրը՝ դպրոցականներուն կրթաթոշակներով օժանդակելն է: Երկրորդը՝ «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրն է՝ կարիքաւոր ընտանիքներու համար»,- պատմած է Մարաշլեան: Անոր խօսքով,  սկզբնական շրջանին «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրը նախատեսուած էր իրականացնել շաբաթական միայն մէկ անգամ, սակայն այժմ ան դարձած է շաբաթական երեք անգամ՝ սուրահայերուն հնարաւորութիւն տալով «Փեթակ» ճաշարանին մէջ օգտուիլ տաք եւ համեղ սնունդէն:
«Մեր միւս ծրագիրը ուղղուած էր նորածին երեխաներ ունեցող ընտանիքներու օգնութեան. ՀՕՄ-ի Արեւելեան Շրջանային վարչութիւնը արդէն օգնութիւն տրամադրած է 25 ընտանիքի, իսկ Միջին Արեւելքի կեդրոնական վարչութեան միջոցով՝  հաշուի առնելով ցուրտ եղանակային պայմանները, իրականացուած է չորրորդ ծրագիրը՝  Սուրիոյ մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն վառելանիւթով ապահովելը:
«Վերջին ծրագիրին օժանդակութիւն ցուցաբերած են 27 երկիրէ», – պատմած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին:
Քանի որ Սուրիոյ մէջ ամէն օր իրադրութիւնը կը փոխուի, միութիւնը հաշուի կ’առնէ սուրիահայերու կարիքները եւ համաձայն անոնց կ’իրականացնէ իր օժանդակութիւնը: Մարաշլեան հաւաստիացուց, որ Սուրիոյ մէջ ապրող հայերուն օգնութեան ծրագիրներ պիտի իրականացնեն նաեւ յաջորդ տարի:
Ընդհանուր առմամբ՝ 2013-ին ՀՕՄ-ը սուրահայերուն յատկացուցած է շուրջ 300 հազար տոլար: Կառոյցի օժանդակութիւնը կ’ուղղուի նաեւ Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրահայերուն, մասնաւորապէս բնակարան ձեռք բերելու եւ առողջապահական ծառայութիւններէն օգտուելու հարցով: Կառոյցը ընկերային, առողջապահական, կրթական ուղղութիւններով աշխոյժ աշխատանք կը տանի Սփիւռքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ: Միայն Ջաւախքի մէջ ՀՕՄ-ը քանի մը ընկերա-կրթական ծրագիր կեանքի կը կոչէ:
««Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան մէջ ՀՕՄ-ը մշտապէս իր ջակցութիւնը ունեցած է: Այժմ մեր սուրիահայ ընկերուհիները, որոնք Հայաստան կը գտնուին, կ’անդամակցին մեր մասնաճիւղերուն: Այս Կիրակի տեղի ունեցաւ մեր ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Սուրահայ մեր ՀՕՄ-ուհիներու ձեռքի աշխատանքներու վաճառքէն ստացուած հասոյթը պիտի ուղղուի Հայաստանի երրկողմանի ծնողազուրկ երեխաներուն, որոշ մաս մըն ալ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն աջակցելուն»,-աւելուցած է ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Նարինէ Գալստեանը:
Անոր խօսքով՝ իրենք առանց վայրկեան մի իսկ վարանելու, ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրներու ղեկավարին առաջարկով իրենց Չարենցի 20 հասցէին մէջ գտնուող տարածքը վեց ամիս ժամկէտով անվըճար տրամադրած են սուրահայերուն օգնելու նպատակով:
Ինչ կը վերաբերի Արցախին, ՀՕՄ-ը այստեղ եօթ մանկապարտէզ ունի: Կառոյցը կը նախատեսէ Ստեփանակերտի մանկապարտէզը եւ նոր ծրագիր իրականացնել երիտասարդ եւ աշխատող մայրերուն օգնելու համար: Ատիկա յետդպրոցական ծրագիր է, այսինքն՝ երեխաները աւելի երկար պիտի կարենան մնալ մանկապարտէզի մէջ դասերէն ետք: ՀՕՄ-ը նպատակ ունի նաեւ ճամբար-երիտասարդական կեդրոն բանալ Արցախի մէջ: ՀՕՄ-ը աշխոյժօրէն մասնակցած է նաեւ «Դէպի Արցախ» խորագիրով «Հեռուստամարաթոն 2013»-ին:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ այժմ կը գործէ ՀՕՄ-ի 52 մասնաճիւղ: Հայաստանի մէջ՝ իր շուրջ 1500 անդամուհիներով, ՀՕՄ-ը կ’իրականացնէ բազմաթիւ ծրագիրներ՝ ընկերային, առողջապահական, կրթական ոլորտներու մէջ: 1996-էն Արցախի մէջ, իսկ 2001-էն Ջաւախքի մէջ կը գործեն ՀՕՄ-ի միաւորները:
Ծանօթ է թէ աշխարհի 28 երկիրներու մէջ կը գործեն ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը, իրենց հազարաւոր կամաւոր անդամներով, Շրջանային ու տեղական վարչութիւններով, որոնք կը գործադրեն  միութեան կրթական, բարեգործական ու խնամատարական ծրագիրները։