Ֆրանսայի նախագահութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց համակարգումի խորհուրդի ներկայացուցիչներ Մուրատ Փափազեանը, Արա Թորանեանը եւ Ալեքսիս Կէօվճեանը:
Նախագահը ջերմ խօսքերով արտայայտուած ու գնահատած է մշակոյթի եւ հայկական յիշողութեան պահպանման ի նպաստ խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը:
Խորհուրդի ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներկայացուցած են ազգային յիշողութեան կեդրոն մը ստեղծելու իրենց ծրագիրը, որուն իր զօրակ- ցութիւնը յայտնած է նախագահը: Խորհուրդի ներկայացուցիչները նաեւ արծարծած են 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման նախապատրաստական աշխատանքները:
Հոլլանտ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հաստատած է, որ Մայիս 2014-ին պիտի այցելէ Հայաստան՝ ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին: