ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս քանի մը առիթներով հաղորդած ենք, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Շօա» հիմնարկը եւ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկը նախաձեռնած են տոքթ. Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանի կողմէ արձանագրուած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու աւելի քան 400 վկայութիւնները

թուայնացնելու աշխատանքին, եւ ջանքեր կը տանին զայն իրականացնելու համար գումարներ ապահովելու ուղղութեամբ:
Այս ծիրէն ներս, «Շօա» հիմնարկին ի նպաստ եւ Սթիվըն Սփիլպըրկի կողմէ Նիւ Եորքի մէջ  հիւրընկալուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին իր մարդասիրական աշխատանքներուն համար մեծարուած է դերասան Ճորճ Քլունին. ան կարեւոր մղիչ ուժ մը եղած է վկայութիւնները թուայնացնելու ի նպաստ դրամահաւաքին մէջ:
Արդարեւ, Տենվըրի մէջ մօտաւորապէս 120 հայորդիներ մասնակցած են այս նպատակին ի նպաստ Տենվըրի Արուեստի թանգարանին մէջ կազմակերպուած հաւաքին, ուր ելոյթ ունեցած է վաւերագրական ֆիլմերու բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան: Այս հաւաքէն մէկ օր առաջ, նուիրատուներու յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցած է նոյն քաղաքին մէջ, ու կը ծրագրուի մէկ այլ մը նաեւ Նիւ Ճըրզիի մէջ, նեցուկ կանգնելու համար Ցեղասպանութեան վկայութիւնները առաւելագոյնս տարածելու նպատակին:
Քարլա Կարապետեան յայտնեց, թէ թուայնացման աշխատանքը ամբողջացած է արդէն ու ներկայիս աշխատանք կը տարուի զայն միացնելու «Շօա» հիմնարկի արխիւին, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն համացանցին վրայ զետեղել ու համացանցային փնտռտուքի դիւրութիւններ ստեղծել ուսումնասիրողներու եւ այլ հետաքրքրուողներու համար: Այս ծրագիրի ամբոջացումով՝ բոլոր վկայութիւնները մատչելի պիտի ըլլան աշխարհի տարածքին:
Մինչ այդ, նուիրատուներու հաւաք մը կայացած էր «Շօա» հիմնարկին ի նպաստ ձեռնարկէն մէկ օր ետք՝  Նիւ Եորքի մէջ, հիւրընկալութեամբ Արման Աւանէսեանցին, որ «Կոլտմըն Սեքս»ի վարչական տնօրէն մըն է ու անդամ Քոլոմպիա համալսարանի հոգաբարձութեան ու Հայաստանի օժանդակութեան հիմնադրամի վարչութեան:
Հայկական շարժապատկերի հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Ճերի Փափազեան կը յայտնէ, թէ այս աշխատանքին ի նպաստ հաւաքներ կը ծրագրուին նաեւ Պոսթընի, Ֆիլատելֆիոյ, Մայամիի ու Ֆրեզնոյի մէջ:
Յայտնենք, թէ «Շօա» հիմնարկի վերոյիշեալ ձեռնարկի մօտաւորապէս 700 մասնակիցներէն աւելի քան 40ը հայեր եղած են՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, արժանանալով Սփիլպըրկի  եւ Քլունիի յատուկ ուշադրութեան, մինչ սրահի մուտքին ցու- ցադրուող կարժ շարժապատկերէն մէկը նուիրուած եղած է Յա- կոբեանի կատարած կարեւոր աշխատանքին: