Յայտնի ամսագրի հայկական տարբերակի առաջին համարին վրայ տեղ տրուած է Գըրգ Գըրգորեանին

«Forbes» միջազգային յայտնի ամսագիրը այս օրերուն Երեւանի մէջ լոյս ընծայած է իր հայկական տարբերակը։ «Forbes Հայաստան» հայալեզու ամսագիրը հայ ընթերցողի դատին կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ յայտնի յաջողակ հայերու պատմութիւնները։

Ամսագրի առաջին թիւը արդէն դրուած է վաճառքի։ Անոր կողքին վրայ տեղ գտած է ամերիկահայ յայտնի գործարար Գըրգ Գըրգորեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ նախընթաց օր մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Forbes Հայաստան»ի գլխաւոր խմբագիր Գագիկ Եղիազարեան, որ նշեց, թէ ամսագիրը պիտի անդրադառնայ նաեւ հայ արուեստագէտին, գիտնականին ու մտածողին։
«Հայկական աշխարհը բաւական մեծ է ու սահմանափակուած չէ միայն Հայաստանով։ Մենք շատ յայտնութիւններ ունինք ընելու։ Իմ աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին հանդիպած եմ ամբողջ աշխարհի մէջ բազմաթիւ հայերու, որոնք ինծի համար եղած են յայտնութիւններ։ Մենք կ'ուզենք, որ հայ մարդը հպարտ ըլլայ իր ինքնութեամբ եւ այն յաջողութիւններով, զորս մենք այսօր ունինք ամբողջ աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ», ըսաւ ան եւ յոյս յայտնեց, թէ հայալեզու «Forbes»ը հայ ընթերցողի կեանքէն ներս պիտի ունենայ իր ուրոյն տեղը։
Գլխաւոր խմբագիրը աւելցուց նաեւ, որ «Forbes»ի հիմնական լսարանը մարդն է, որ կը փոխէ աշխարհը, կ'ուզէ կարդալ անոր միտքերն ու գաղափարները, ինչպէս նաեւ ետ չմնալ աշխարհի գարզացումներէն։ Առաջին թիւին մէջ հանդէսը տեղ տուած է Մետաքսի ճամապարհին, որով փափաքած են ցոյց տալ, թէ որքան մեծ ներդրում ունին հայերը «համաշխարհայնացում» բառի ձեւաւորման մէջ։
«Forbes.am» կայքի գլխաւոր խմբագիր Շուշանիկ Յարութիւնեանն ալ նշեց, թէ իրենց կայքէջը արդէն բաց է լայն հասարակութեան համար, ուր ընթերցողները կրնան տեղեկութիւններ ստանալ գործարարութեան, ներդրումներու, փորձագիտութեան, ձեռներէցութեան, ապրելակերպի եւ այլ զանազան նիւթերու շուրջ՝ յիսուն-յիսուն յարաբերութեամբ՝ տեղական եւ ընդհանուր բովանդակութեամբ։
«Forbes» ամսագիրը կը հրատարակուի 1917 թուականէն ի վեր ու կը տարածուի աշխարհի աւելի քան յիսունհինգ երկիրներէն ներս։ Ան կը գրէ ձեռներէցութեան, ելեւմուտքի, ներդրումներու, փորձագիտութեան եւ այլ զանազան նիւթերու շուրջ՝ ներկայացնելով մարդիկ, որոնք կը փոխեն աշխարհը։ Ամսագիրը կ'իրականացնէ լրագրական հետաքննութիւններ, նաեւ կը հրապարակէ աշխարհի միլիառատէրերու եւ  ամենաազդեցիկ մարդոց վարկանշային աղիւսակը։