Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a Down խումբի մեներգիչ Սերժ Թանգեան Դիմատետրի  իր էջին վրայ գրած է Քիեւի եւ Ուքրանիայի շարք մը այլ քաղաքներուն մէջ Եւրոպայի համարկումի ի նպաստ կազմակերպուող բողոքի ցոյցերուն մասին:

«Ուքրանիան, ինչպէս Հայաստանը եւ նախկին խորհրդային բոլոր հանրապետութիւնները, արժանի են իրական անկացման՝ ոչ միայն Ռուսաստանի ազդեցութենէն, այլեւ արեւմտեան ռազմավարական եւ շուկայական ձեռնավարութիւններէն (manipulations)»,- գրած է ան: