ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայաստանում պոլսահայ համայնքի օրեր» ծրագրի ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 17-ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ «Մարմարա» օրաթերթի 70-ամեայ յոբելեանը:


Շնորհաւորելով օրաթերթի 70-ամեայ յոբելեանը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան սիրով յիշատակեց, որ միայն վերջերս էր, երբ «նոյն խանդավառութեամբ մայր հայրենիքին մէջ իր ծննդեան 80 ամեակը նշեց «Ալիք» օրաթերթը: Այս իրողութիւնը պէտք է աւանդական դառնայ եւ կարծում եմ, մեծ աւանդ ունեցող մեր պարբերականների յոբելեաններն անպայման պէտք է նշուեն հայրենիքում»,-շեշտեց նախարարը:
Նախարարը նշեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-րդ տարեդարձի առթիւ, ազգային շահերու պաշտպանութեան գործով ներդրած նշանակալի աւանդի, երկարամեայ եւ արգասաբեր հայանպաստ գործունէութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման եւ առաջընթացի ապահովման գործով ցուցաբերած նուիրումի եւ մատուցած ծառայութիւնների համար» Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հրամանագրով «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեանը պարգեւատրուեցաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով:
Հ. Յակոբեանը բարձր գնահատեց ինչպէս «Մարմարա»-ի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր ԶԼՄ-ի դերը հայապահպանութեան, Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման գործով:
Ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Ս.Դանիէլեանը («Սփիւռք» գիտակրթական կեդրոնի տնօրէն), Ա. Գէորգեանը (Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութեան նախագահ), Լ. Անանեանը (Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ), Ա. Սարգսեանը (ՀՀԳԱԱ թղթակից անդամ), Ն. Մարտիրոսեանը (ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի դեկան) եւ ուրիշներ:
Իր սրտի խօսքն ու շնորհակալութիւնները ՀՀ նախագահին, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ ներկաներուն յայտնեց «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեանը:
Երեկոն եզրափակուեցաւ համերգային ծրագրով, ուր իրենց անզուգական կատարումներով հանդէս եկան երգչուհի Լիւսի Քահվեջեանը եւ դաշնակահար Համասփիւռ Մանուկեանը: