Սեպտեմբեր 21-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի անկախութեան քսանամեակի տոնակատարութիւններուն մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Եանաքիս Քասուլիտիսը, Անտրէյ Կովաչեւը եւ Կոնստանտին Վիգենինը:
Եւրոերեսփոխանները շնորհաւորեցին Հայաստանի անկախութեան տօնը՝ նշելով, որ այս տարիներու ընթացքին Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ յարաբերութիւնները անընդմէջ զարգացում ապրած են:
Նախարար Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԽ պատգամաւորներուն անկախութեան տօնին իրենց մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար կարեւոր հարցերու նկատմամբ մշտապէս ուշադիր հանգամանքով իրենց մօտեցումներուն համար:
Զրուցակիցները քըննարկեցին Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային հարցերը: