2012-ի ռուսական քաղաքական հանելուկի՝ նախագահութեան թեկնածուի հարցով դեռ անորոշութիւն կայ
Այսօր Ուրբաթ, Մոսկուայի մէջ կը բացուի «Եդինայա Ռոսիա»ի համագումարը։ Մամլոյ ներկայացուցիչները սրամտօրէն նկատել կուտան, որ եթէ Ռուսաստանի մէջ կատարուէր տարուայ քաղաքական ամենաառեղծուածային իրադարձութեան մրցոյթը, ապա համագումարը անպայման յաղթանակի կը յաւակնէր։
Տուեալ համագումարի հետ կապուած՝ երեք չափազանց հետաքրքրական հարց կայ։
Առաջինը՝ թէ ինչպիսի յարաբերութիւններ կը ձեւաւորուին «Եդինայա Ռոսիա»ի եւ Համառուսաստանեան ժողովրդական ճակատի միջեւ։
Երկրորդ՝ թէ Մետվետեւ եւ Փութին կընդգրկուի՞ն խորհրդարանական ցուցակին մէջ։
Եւ երրորդ՝ թէ ո՞վ պիտի ըլլայ 2012 թուականի նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուն:
Կենթադրուի, որ առաջին երկու հարցերու պատասխանները համագումարին պիտի տրուին, սակայն հանելուկ կը մնայ 2012-ի ռուսական քաղաքական նախագահութեան թեկնածուի հարցը։
Երկօրեայ համագումարին ներկայ պիտի ըլլայ շուրջ 10 հազար մարդ։