* Արցախի Նախագահը Կը Գտնուի Լոս Անճելըս
* Արցախի Թեմի Առաջնորդը Կը Գտնուի Թորոնթօ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Լոս Անճելըս: Անցեալ Կիրակի օր ան մասնակցեցաւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2013»-ի շրջագիծին մէջ կազմակերպուած «կալա» ձեռնարկին եւ հանդէս եկաւ ելոյթով:
ԼՂՀ նախագահը ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման ընթացքը, անդրադարձաւ «Թելեթոն-2013»-ի հիմնական նպատակը հանդիսացող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիին կառուցման հետ կապուած հարցերուն: Սահակեանի բնութագրումով՝ ճամբու շահագործումը միանգամընդմիշտ պիտի լուծէ ընկերային-տնտեսական եւ ռազմավարական բազմաթիւ խնդիրներ, լուրջ հիմք պիտի հանդիսանայ Մարտակերտի եւ Շահումեանի շրջաններու եւ ամբողջ Ղարաբաղի զարգացման ու զօրացման համար:
Նախագահ Սահակեան նաեւ շնորհաւորեց ներկաները Միացեալ Նահանգներու միջազգային ճանաչման 230-ամեակին առիթով՝ նշելով, որ ատիկա համաշխարհային պատմութեան մէջ ազգերու ինքորոշման եւ մարդու իրաւունքներու ճանաչման ու յարգման ամէնէն առանցքային յաղթանակներէն մէկն է:
Նախապատրաստութիւնը կը շարունակուի՝ վաղը Հինգշաբթի 28 Նոյեմբերին կայանալիք հեռուստամարաթոնին համար:
Հայաստան Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի նուիրահաւաքին
գոյացաւ 150 հազար տոլար, ի նպաստ Արցախի Նոր Մարաղա գիւղին
Նոյեմբեր 16-ին «Հայաստան» հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղը, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կատարեց իր դրամահաւաքը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի Նոր Մարաղա գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման:
Նուիրահաւաքին ներկայ էին Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեանը, Գանատայի թեմի աառաջնորդ Տէր Նաթան արք. Յովնանեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, հոգեւոր հայրեր, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բարերարներ:
Երեկոյթի ընթացքին Ժողովրդական ու դասական գործերով հանդէս եկաւ քանոնահարուհի Յասմիկ Լեյլոյեանը: Համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական աճուրդը:
Նուիրահաւաքի աւարտին գոյացաւ 150 հազար տոլար: Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը յայտնեց, որ Թորոնթոյի հայութիւնը պիտի շարունակէ նուիրատուութիւններ կատարել մինչեւ Հեռուստամարաթոնի օրը: