Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի տեղադրման հարցը անհանգստացուցած է թուրքերը:

Սթոքհոլմի կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն մէջ հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան յուշարձանի տեղադրման վերաբերեալ օրինագիծը ընդունուած է քաղաքային խորհուրդի անդամներուն կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.net-ը:

Ազգայնական թրքական ընկերութիւնները յուշարձանի տեղադրումը խափանելու նպատակով արդէն ստեղծած են յատուկ կոմիտէ, որ գրութիւն պատրաստած է քաղաքային խորհուրդին ներկայացնելու համար: Գրութեան մէջ կ'ըսուի, որ յուշարձանի տեղադրումը չի կրնար նպաստել խաղաղութեան հաստատման:

Ասորական «Սէյֆօ կոմիտէ»-ի նախագահ Ֆեհմի Պեհրամոյի կողմէ պատրաստուած նախագիծը Սթոքհոլմի քաղաքային խորհուրդի անդամներու քննարկման կը նախատեսուի ներկայացնել Յունուարին: Նախագիծով Նորզպուրկ եւ Հալունտա թաղամասերէն մէկուն մէջ ընդհանուր հաշուով կը բնակի մօտ 15 հազար թուրք: