Ճարտարագէտ Յովհաննէս Քուլխանճեան Միացեալ Նահանգներու Մէջ Կ՛աշխատի Ստորջրեայ Wi - Fi Մը Հնարելու Ուղղութեամբ
Ծագումով կիւմրեցի Յովհաննէս Քուլխանճեան կ՛ուսանի Նիւ Եորքի նահանգային Պաֆըլոյի համալսարանին մէջ: Ան փիլիսոփայութեան դոկթորի թեկնածու է եւ համալսարանին մէջ կ՛օգնէ հաղորդակցութեան կապերու բնագաւառէն ներս յառաջընթացին՝ համաշխարհային նախագիծի մը ծիրէն ներս։
Յովհաննէս Քուլխանճեան, քանի մը այլ հետազօտողներու ղեկավար՝ փրոֆ. տոքթ. Թոմազօ Մելոտիայի հետ կ՛աշխատին նախագիծի մը վրայ, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ստորջրեայ համացանցային կապ մը ապահովել։
Պաֆըլոյի համալսարանի մօտակայքը հետազօտական այս փոքր խումբը բարեյաջող աւարտի հասցուց Էրի լիճին մէջ իրականացած փորձ մը։ Խումբը հնարած է ստորջրեայ «Ուայ-Ֆայ» կապ, որ կ՛աշխատի գրանցող սարքերու օգնութեամբ։ Քուլխանճեան եւ իր խումբը զանոնք զետեղած են ջուրին տակ։ Գրանցող սարքերը ազդանշան կ՛ուղարկեն ջուրի մակերեսին վրայ՝ ուր կան ուղղորդիչ սարքեր։ Այս սարքերը կապուած են համացանցին միացած արբանեակներու հետ։
Քուլխանճեան ելեկտրական արհեստագիտութիւն ուսումնասիրած է Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Ան յիշեալ համալսարանէն գերազանցութեամբ վկայուելէ ետք, ընդունուած է Նիւ Եորք նահանգի Պաֆըլոյի համալսարան, ուր մասնագիտացած է ազդանշաններու եւ անլար կապեր մշակելու նիւթին մէջ։ Ներկայիս Քուլխանճեան կ՛աշխատի ստորջրեայ անլար կապի քանի մը այլ նախագիծերու վրայ եւս։