«Այս դատը պիտի չ՛աւարտի»

ՊՈԼԻՍ, «Երկիր Մեդիա».- Հրանդ Տինքի փաստաբանները դուրս եկած են դատարանէն, բողոքելու համար իրենց կարգ մը դիմումները շարունակաբար մերժող ատեանին որոշումին դէմ, մինչ դատարանէն դուրս, «Այս դատը պիտի չ՛աւարտի» գրութեամբ պաստառներով

հարիւրաւոր քաղաքացիներ ցոյց կը կատարէին դատավարութեան ձգձգումներուն դէմ:
Դատավարութիւնը արդէն իսկ կ՛ընթանար առանց Տինքի ընտանիքի անդամներուն:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ դատախազը կը պահանջէ ցմահ բանտարկութեան դատապարտել ամբաստանեալներէն 7ն, պնդելով, թէ ոճիրը «գաղափարական» դրդապատճառներով իրագործուած էր, եւ նպատակ ունէր անկայունութիւն սերմանել երկրին մէջ:
Ըստ դատախազին, հինգ այլ ամբաստանեալներ պէտք է 3 տարւան բանտարկութեան դատապարտուին, իսկ մնացեալ եօթն պէտք է անպարտ հռչակուին...