Ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Սպիտակ Տան մէջ պահուող եւ հայ որբերու կողմէ գործուած գորգին համար նախատեսուած ցուցադրութիւնը ջնջուած է:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» այս առթիւ կը գրէ. «Գորգը 1920-ական թուականներուն գործած են հայ որբ երեխաներ եւ Սպիտակ Տան մէջ պաշտօնապէս ցուցադրուած է 1925ին: Նկարին մէջ կը տեսնուի նախագահ Գալվին Գուլիճ կանգնած՝ գորգին վրայ, որ ոչ միայն անչափահաս երեխաներու աշխատանքի արդիւնք է, այլ բարդ, մանրակրկիտ աշխատանք մը, որ արժանի է մեծ հաստատութիւններուն: Գորգին վրայ գծուած բոյսերն ու կենդանիները կրնան ներկայացնել Եդեմական Այգին, որ այնքան հեռու էր 1915ի սարսափելի իրադարձութիւններէն…»:
Յոյս կար, որ 20 տարի պահեստարան դրուած գորգը Դեկտեմբեր 16ին ցուցադրուէր ամերիկեան «Սմիթսոնեըն» պատմութեան թանգարանին մէջ կազմակերպուելիք ձեռնարկին ընթացքին, երբ պիտի ներկայացուէր Յակոբ-Մարտին Տերանեանի «Նախագահ Գալվին Գուլիճ եւ Հայ Որբերու Գորգը» գիրքը: Սակայն գիտնականը, որ նախաձեռնած էր այդ ներկայացման, ջնջած է զայն, պատճառաբանելով գորգը տրամադրելու Սպիտակ Տան մերժումը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հայկական երկու կազմակերպութիւներուն ուղղուած «բացատրական» նամակին մէջ, թանգարանի ասիական մշակութային պատմութեան ծրագրի տնօրէն Փօլ Մայքըլ Թէյլըր Սպիտակ Տան մերժման մասին յստակ որեւէ պատճառ չէ նշած:
Սպիտակ Տան մէջ պահուող հայկական գո՞րգն ալ թրքական ճնշումի զոհ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր