Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ու ներկայութեամբ միութենական, կրթական ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ գրասէր ու մշակութասէր ազգայիններու, Երեքշաբթի, 22  Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գիրքերու աննախընթաց ցուցահանդէսի, որուն ընթացքին զեղչ-վաճառք յայտարարուած է Համազգայինի հրատարակութիւններու:
 Հայրենի եւ Համազգայինի հրատարակչատուներու գիրքերու այս ցուցահանդէս-վաճառքի ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքէրեան, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով բարեգալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ թուելով ցուցահանդէսի մասնակից հրատարակչատուներու եւ անոնց տնօրէններու անունները: Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի կողքին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի, Ազգային երաժշտութեան գրադարանի, «Էտիթ Բրինթ», «Զանգակ» «Արթ Պրիտճ» հրատարակչատուներու եւ անհատ հրատարակիչներու մասնակցութեամբ իրագործուած այս ցուցահանդէսը աննախընթաց է Հայաստան ¬ Սփիւռք յարաբերութեան մէջ, ուր մշակութային գործօնը շատ մեծ դեր ունի:
Առաջին հերթին խօսք առաւ ցուցահանդէսին մասնակից հրատարակչատուներու հայրենի պատուիրակութեան նախագահ՝ Մկրտիչ Կարապետեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ շուրջ քառասուն հրատարակչատուներ եւ հրատարակիչներ կը մասնակցին այս ցուցահանդէսին:
 Ապա խօսք առաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Սէյրանուհի Գեղամեանը, որ շատ բարձր գնահատեց մշակութային նման նախաձեռնութիւնները՝ լուսարձակի տակ առնելով հայ գիրքին դերը:
Գեղամեան դրուատեց լիբանանահայութեան, յատկապէս՝ Պէյրութի դերն ու ներդրումը հայ ազգային մշակոյթի զարգացման հոլովոյթին մէջ՝ ընդգծելով, որ «Պէյրութ կրցած է ո՛չ միայն պահպանել, այլ՝ տարածել ազգային դիմագիծը, նոր շունչ եւ հայկականութիւն հաղորդելով բոլորին»:
Ապա հրաւիրուեցաւ «Խնկօ Ապէր» հրատարակչատան տնօրէն Ռուզանա Տօնոյեանը, որ յոյս յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը առիթ մը կ՛ըլլայ նոր համագործակցութեան՝ Հայաստանի եւ Համազգայինի հրատարակութեանց միջեւ: Ան դրուատեց սփիւռքահայութեան ներ- դրումը ընդգծելով. «Գիտեմ, թէ որքան դժուար է սփիւռքի մէջ հայ մնալը»:
Ապա խօսք առաւ «Զանգակ» հրատարակչատան տնօրէն Սոկրատ Մկըրտիչեան, որ մաղթեց շուտով լոյս ընծայել նոր հրատարակութիւններ:
Ապա խօսք առաւ «Արթ Պրիտճ» հրատարակչատան տնօրէն Շաքէ Կարապետեան, որ յոյս յայտնեց որ «Արթ Պրիտճ» կրնայ ընդարձակել իր հրատարակութիւնները՝ Համազգայինի հետ գործակցաբար:
  Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր կարգին ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնելով այս ձեռնարկի իրագործման նպաստած բոլոր կողմերուն, յատկապէս՝ դեսպան Ա. Քոչարեանին եւ Մկրտիչ Կարապետեանին:
Ձեռնարկին իր խօսքը ուղղեց նաեւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի իրագործման նպաստողներուն, յատկապէս՝ Համազգայինին: Ան յիշեց, թէ ինչպիսի զրկանքներով ու դժուարութեամբ կարելի եղած է սփիւռքի զանազան օճախներու մէջ գիրք հրատարակել:
Քոչարեան դիտել տուաւ, որ նախորդ տարի   գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք ըլլալու հանգամանքը առիթ եղած էր, որ Երեւան իր շուրջ համախմբէ համաշխարհային տարածքով հրատարակչատուներ: