Կիրակի, Հոկտեմբեր 20ին, Ֆրանսայի Տէսինի մէջ, Մշակոյթի նախարարուհի Օրէլի Ֆիլիփէթիի, Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի, Լիոնի եւ Տէսինի քաղաքապետներուն՝ Ժերար Գոլոնի եւ Ժերոմ Սթիւրլայի, Ռոն-Ալփի Շրջանային Խորհուրդի նախագահ Ժան-Ժագ Քերանի, Առաջնորդ Նորվան արքեպիսկոպոսի,
բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններու, Տէսինէն եւ մերձակայ քաղաքներէն ժամանած հոծ բազմութեան մը ներկայութեան կատարուեցաւ Հայ ազգային յուշագրութեան կեդրոնին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Իր խօսքին մէջ Օրէլի Ֆիլիփէթի ըսաւ. “Երբեք չմոռնանք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1915ին: Վերյուշենք զայն Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ աշխարհի երախաներուն, աշխարհ մը ուր Մարդ արարածը կը մոռնայ իր մարդկութիւնը. անցեալ դարը այնքա՜ն աղէտալի օրինակներ հրամցուց մեզի”: Ապա աւելցուց. “Պատմական աշխատանքը պէտք է շարունակել (…) Բայց դէպքերը հաստատուած են եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ օրէնքով մը ընդունուած է”:
ԺԽՏՈՒՄԻ ՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔ
Օ. Ֆիլիփէթի ըսաւ, նաեւ որ Հայոց Ցեղասպնութեան ժխտումը անընդունելի է: Ապա, աւելցուց, թէ՝ «ըստ Հանրապետութեան ղեկավարին յանձնառութեան, կառավարութիւնը կ’ուսումնասիրէ ժխտումի հարցին մէջ զգօնութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ իրաւաբանական միջոցներ, որոնք կը յարգեն մեր Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ միջազգային ու եւրոպական մեր պարտաւորութիւնները”:
Իր խօսքին մէջ, Յուշագրութեան կեդրոնի նախագահուհին՝ Քաթիա Պուտոյեան նախ ընդգծեց որ այս վայրը բաց է բոլորին առջեւ, նախքան բացատրելը, որ հետապնդուած նպատակն է “գերազանցել աւանդական մշակութային կեդրոնի սահմանը, առաջարկելով՝ դասախօսութիւններ եւ ցուցահանդէսներ, որոնք մաս կը կազմեն խորհրդածութեան կալուածին”:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Լիոնի քաղաքապետ Ժերար Գոլոն, Կեդրոնի նախագահ Ժիւլ Մարտիրոսեան եւ ներկայ անձնաւորութիւններէն շատեր:
Յուշագրութեան կեդրոնը 900 քառ. մեթր տարածութեամբ արդիական շինութիւն մըն է: Ունի մասնագիտական գրադարան մը, 100 քառ. մեթր տարածութեամբ դիւաններու բաժին մը, 80 հոգիի տարողութեամբ դասախօսութեան սրահ մը: Կեդրոնին փաստագրական պաշարը կը հանդիսանայ 12.000 հատորէ եւ աւելի քան 110.000 փաստաթուղթէ: Ասոնք կը վերաբերին Հայոց Պատմութեան, յիշատակներու, լեզուին, մշակոյթին, գեղարուեստներուն եւ գաղթին, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքներու կեանքին:
Աստիճանաբար պիտի ստեղծուի համալսարանականներու խումբ մը ընկերակցելու համար ուսանողներուն, ուսումնասիրութիւններ կատարելու ու աւարտաճառեր պատրաստելու համար: Տարուան ընթացքին Կեդրոնին մէջ պիտի կազմակերպուի 11 դասախօսութիւն-վիճարկում: Նաեւ դպրոցականներ պիտի կարենան այցելել զայն:
Կիրակի օր, երկու ցուցահանդէսներ բացուած էին: Մէկը կը կոչուէր՝ «Վերակերտուիլ աքսորի մէջ: Հայ գաղթականներու Ֆրանսա ժամանումը», իսկ միւսը՝ «Հայ գիրքը Վերածնունդէն մինչեւ Զարթօնքի շրջան. Սփիւռքի մէջ մշակոյթ մը»:
Նշենք նաեւ, որ Յուշագրութեան կեդրոնին շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2010ին: Շինութեան ծախսերուն կէսը ապահովուած է հանրային-անձնական գանձատրումով, իսկ միւս կէսը՝ նուիրատւութիւններով: Ըստ տնօրէնուհիին, առայժմ Կեդրոնը ունի երեք պաշտօնեայ, բայց շուրջ երեք տասնեակ կամաւորներ ալ իրենց ներդրումը կը բերեն անոր: