Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի դիւանէն կ'իմանանք թէ տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի ունեցաւ 8-17 Հոկտեմբեր 2013-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, նախագահութեամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին
եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Իրանի, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդներուն, Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի պատրիարքական փոխանորդին եւ Զմմառու Պատրիարքական կղերին միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդին: Ժողովէն կը բացակայէր Բերիոյ թեմի առաջնորդը, որ հարկադրուած էր իր հօտին հետ մնալ՝ երկրին այս տագնապալի օրերուն պատճառով:
Ժողովին աշխատանքները, բացի ընթացիկ հարցերէն, որոնք կը վերաբերին եկեղեցւոյ հոգեւոր, հովուական ու ընկերային այլազան հարցերուն, կը կեդրոնանան հետեւեալ կարեւոր նիւթերուն վրայ.
Ա.- Միջին Արեւելքի քաղաքական տագնապէն ծնունդ առած անապահով ու մտահոգիչ կացութեան լոյսին տակ, բազմապատկել ջանքերը՝ թեթեւցնելու համար գաղթելու հարկադրուած ժողովուրդին նիւթաբարոյական տառապանքը, յատկապէս ընկերային, հոգեկան, կրթական մարզերու մէջ:
Բ.- Ծիսական բարենորոգումի ծիրին մէջ ներառել ծրագիրը յատուկ խորհրդաժողովի մը՝ ներշնչուելով ծէսին ու ծիսակատարութեան նուիրուած Քահանայապետական սահմանադրութեան յիսնամեակէն, որ յորդոր մըն է ծէսը կենդանի, աւելի մատչելի ու իմանալի դարձնելու դարուս մարդոց, յատկապէս նոր սերունդին՝ նկատի ունենալով անոր իւրայատուկ մտայնութիւնն ու նորայայտ հոգեկան պահանջքները, պահելով անխզելի կապը մեր հայրերուն հոգեւոր աւանդութեան հետ:
Գ.- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանդիսաւոր ոգեկոչումին առընթեր, որուն մեծ թափով կը պատրաստուին սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի մէջ, յառաջ տանիլ եւ աշխուժացնել զուգահեռ աշխատանքները այդ նպատակով կազմուած յանձնախումբին՝ իրականացնելու համար տարիներով հետապնդուած մեր դատը՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ սուրբ հռչակել տալ Մեծ եղեռնի ընթացքին մեր բիւրաւոր այն նահատակները, որոնք զոհուեցան «ցյեղումն արեան, վասն անունն Քրիստոսի»:
Դ.- Հետապնդելով Հաւատքի տարուան ծիրին մէջ եկեղեցւոյ առաջադրած Նոր Աւետարանումի առաքելութիւնը, զօրեղացնել համագործակցութիւնը կղերական ու աշխարհական դասերուն միջեւ, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքին ճշգրիտ ըմբռնումն ու վկայուած ապրումը՝ քսանմէկերորդ դարուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Ե.- Հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործումը հետզհետէ աւելի արդիւնաբեր դարձնելու դիտումով, յատուկ կարեւորութեամբ կիրարկել լսատեսողական արդիական միջոցները, ինչպէս նաեւ մամուլը՝ քրիստոնէական հաւատքի վերազարթումի մղելու մեր ժողովուրդը, որ օրըստօրէ աւելի ենթակայ կը դառնայ հաւատքի ու բարոյականի թշնամի հոսանքներու քանդիչ ազդեցութիւնը:
Վերջապէս հայրերը՝ իրազեկ միջինարեւելեան եւ յատուկ կերպով Լիբանանի ու Սուրիոյ քաղաքական անկայուն կացութեան, եւ բաժնելով այդ ժողովուրդներուն արդար մտահոգութիւնը ապագայի անորոշ վիճակին մասին, իրենց ձայնը կը միացնեն այդ երկիրներու առողջ ու հայրենասէր տարրերուն կոչին՝ օր առաջ քաղաքական հանրօգուտ ու մնայուն լուծում մը գտնելու համար այս անհանդուրժելի կացութեան:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի Փակում
Սիւնհոդոսական հայրերը քննարկեցին պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու նախորդ տարուան գործունէութիւնները եւ կատարեցին անոնց արժեւորումը: Անոնք անդրադարձան պատրիարքական եւ այլ թեմերու վարչական եւ հովուական պայմաններուն: Ապա, սիւնհոդոսական հայրերը անդրադարձան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն՝ արեւելեան եկեղեցիներուն հետ, եւ այս շրջագիծի մէջ արաբական երկիրներուն մէջ շարունակուող ջանքերուն՝ ի խնդիր քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւններու ամրապնդման, յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ ստեղծուած այս դժուար օրերուն:
Սիւնհոդոսական հայրերը իրենց յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձուցին այն պայմանները եւ մարտահրաւէրները, զորս մեր ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ եւ մասնաւորաբար մեր հայկական եկեղեցիները կը դիմագրաւեն ներկայիս աշխարհի տարածքին:
Սիւնհոդոսը իր աշխատանքները եզրափակեց՝ որդեգրելով վարչական որոշումներ թափուր մնացած թեմերուն համար եւ հրապարակեց հետեւեալ առաջադրանքները.-
ա.- Հետապնդել 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավար վարչակարգի նահատակներու երանացման աշխատանքները եւ նախապատրաստուիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման՝ 2015-ին:
բ.- Շարունակել քաջալերել «Հաւատքի տարուան» առիթով թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկները, խորապէս ապրելով Սուրբ Գրային ուսուցումները՝ Հռոմի մէջ 7-28 Հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի «Նոր Աւետարանում»-ի լոյսին տակ:
գ.- Շարունակել աշխատանքը՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցւոյ յատուկ յետ սիւնհոդոսական յորդորին ուսումնասիրութեան ու գործադրութեան ուղղութեամբ՝ ժողովրդապետական, ընկերային եւ կրթական ձեռնարկներու ճամբով, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր եկեղեցիներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ, միաժամանակ հոգալով գաղթականները եւ անոնց տրամադրելով հոգեւոր, բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն:
դ.- Սիւնհոդոսական հայրերը դատապարտեցին կրօններուն եւ անոնց սուրբ խորհրդանշաններուն դէմ կատարուող արարքները, միութեան կոչ ուղղելով՝ մէկ Աստուծոյ հաւատքին շուրջ, գործելով անոր ուսուցումներուն, երկնային պատուէրներուն, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն համաձայն, ընտանիքին եւ մէկ ընկերութեան մէջ: Անոնք խստիւ կոչ ուղղեցին աշխարհի պետութիւններու նախագահներուն, թագաւորներուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն՝ անյապաղ ազատ արձակելու առեւանգուած Եուհաննա Իպրահիմ ու Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսները, հայ կաթողիկէ Միշէլ Քայյալ վարդապետը եւ Բիւզանդացի ուղղափառ հայր՝ Մահէր Մահֆուզը: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին՝ լռեցնելու զէնքերը եւ արգիլելու բռնութիւնն ու պատերազմը շրջանին մէջ:
ե.- Սիւնհոդոսական հայրերը շնորհակալագիր մը յղեցին Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին՝ աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի խաղաղութեան ի խնդիր Անոր բարձրացուցած աղօթքին, ինչպէս նաեւ մարդկութիւնը Մարիամու անարատ սրտի հովանաւորութեան յանձնելուն եւ այլ կրօններու հետ երկխօսութիւնը քաջալերելուն համար՝ ի խնդիր խաղաղ համակեցութեան: Անոնք նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Սրբազան պապին՝ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդէպ հայրական հոգատարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման նախապատրաստութեան գծով ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար:
Սիւնհոդոսի աւարտին, հայրերը կոչ ուղղեցին բոլոր հոգեւոր եւ քաղաքական պետերուն՝ միասնաբար եւ ազգային նախանձախնդրութեամբ աշխատելու՝ ի խնդիր կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրասիրութեան, ու փոխըմբռնման: