Ժարամանա շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են մօտ 400 հայ ընտանիքներ
Դամասկոսէն «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ անցնող երկու օրերուն բախումներ տեղի կ՛ունենային Դամասկոսի տարբեր արուարձաններու մէջ, եւ կը լսուէին պայթումներու եւ թնդանօթներու հարուածներու ձայները:
Հալէպի շտապ օգնութեան մարմնոյ անդամները՝ գործի պահուն
Պաշտօնական տուեալները կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը յաջողած է զինեալ խմբակներ ոչնչացնել Մոատամիէի, Քա- պունի եւ Զամալքայի մէջ: Ծանր մարտեր կը մղուին արեւելեան արուարձաններէն համարուող Մլեհայի շրջանին շուրջ՝ զինեալներու կեդրոնները ոչնչացնելու նպատակով:
Ասոր առընթեր սոյն շրջանին մօտ գտնուող Ժարամանա արուարձանը Կիրակի օր ենթարկուեցաւ հրասանդի հրթիռարձակումի տարափի, որ հարուածեց բնակելի շէնքեր‘ պատճառելով տասնեակ վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Թեթեւ վիրաւորներու շարքին է նաեւ դամասկահայ երիտասարդ Դանիէլ Տէր Թորոսեանը, որ տեղափոխուած է հիւանդանոց՝ բուժման ենթարկուելու:
Կիրակի օր Ժարամանայի մէջ նաեւ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ՝ պատճառելով 26 զոհեր եւ տասնեակ վիրաւորներ: Այս ահաբեկչական գործողութեան թիրախը «Թամիքա» համալիրին մօտակայքը գտնուող անցարգելն էր. պայթումէն ետք զինեալները փորձեցին իրենց հակակշիռին տակ առնել համալիրը:
Համայի մէջ անձնասպանական գործողութեան պատճառով բեռնատար մը պայթեցաւ, աւելի քան 37 զոհ եւ տասնեակ մը վիրաւորներ: