ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Ապու Տապիի ուժանիւթի պետական «Թաքա» ընկերութիւնը յայտարարած է, որ հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութենէն արտօնութիւն ստացած է Աթրուշի քարիւղահանքը արդիականացնելու:

Կը նախատեսուի, որ նշեալ հանքը օրական 30 հազար տակառ քարիւղ արտադրէ՝ 2015էն սկսեալ:

Յիշեցնենք, որ «Թաքա»ն Օգոստոսի վերջաւորութեան Թուրքիոյ մէջ ածուխով բանող ելեկտրակայաններու շինութիւնը յետաձգած էր: Թուրքիոյ ելեկտրականութեան արտադրման պետական ընկերութիւնն ու «Թաքա»ն Յունուարին կնքած էին 12 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնութիւն մը՝ կառուցելու համար ելեկտրակայաններ, որոնք Թուրքիոյ հանքածուխներու պահեստները պիտի օգտագործէին: «Թաքա»ի որոշումէն ետք, Թուրքիա այդ ծրագիրին շուրջ սկսած էր բանակցելու Սէուլի հետ: