Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան դիւանի անդամներուն եւ Կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին ներկայութեամբ, Յունիս 9, 2013-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Պոսթընի Վարիչ-տնօրէնի գրասենեակի անուանակոչումը:

Առ ի շնորհակալութիւն տէր եւ տիկ. Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեաններու սրտաբուխ նուիրատուութեան, գրասենեակը անուանուեցաւ ընկերուհի Տանըլի Պուճիքեանի անունով:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի, ընկհ.Վիգի Մարաշլեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ ըսաւ՝ «ՀՕՄ-ի հարիւրամեայ աշխատանքները յանուն ազգանուէր ծրագիրներու իրականացման, ըլլա՛յ Սփիւռքի, ըլլայ հայրենի տարածքներէ ներս, կարելի պիտի չըլլային առանց համակիր նուիրատուներու եւ բարերարներու առատաձեռն օգնութեան, որուն լաւագոյն օրինակներէն մին է Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեաններու այս յատկանշական նուիրատուութիւնը՝ որ գումարած այլ ներդրումներու հետ, կարելի կը դարձնէ ՀՕՄ-ի աշխատանքներու սահուն եւ արդիւնաւէտ ընթացքը»

Ընկերուհի Տանըլի Պուճիքեանը 1964 թուականէն անդամ է Սաութ-Պէյ շրջանի ՀՕՄ-ի Արաքս մասնաճիւղին, որուն հիմնադիրներէն մէկը եղած է:

Ընկերուհի Պուճիքեան երկար տարիներ եղած է վարչական անդամ, յաճախ ստանձնելով ատենապետուհիի պաշտօնը: Ան՝ բարոյապէս, նիւթապէս եւ ֆիզիքապէս մի՛շտ նեցուկ կանգնած ու քաջալերած է մասնաճիւղի զանազան գործունէութիւնները, մեծ ներդրում ունենալով Սաութ Պէյ գաղութի բարելաւման աշխատանքներուն մէջ: ՀՕՄուհիի նուիրեալ ոգիով, Պուճիքեան մի՛շտ բարձր դասած է ՀՕՄ-ի գործունէութիւնն ու աշխատանքները եւ մեծ նուիրումով մասնակցած է միութեան բոլոր աշխատանքներուն:

Տէր եւ տիկին Պուճիքեաններ ունին եօթ զաւակներ, որոնք ստացած են հայկական դաստիարակութիւն: Ընկհ. Պուճիքեանին նուիրումը ինքնին փաստ մըն է անոր անթերի հայկական ոգիին եւ կորովին:

Ներկայիս, ըլլալով 21 թոռներու եւ 2 ծոռներու մեծ մայր, ան կը շարունակէ քաջալերել ընտանիքի բոլոր անդամները, որպէսզի անոնք եւս դառնան հայ գաղութի նուիրեալներ, տէր դառնալով ազգային ժառանգութիւններուն: