Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախ է յայտարարելու, թէ, առ ի շնորհակալութիւն տիար Հրայր Սողոմոնեանի $15,000 սրտաբուխ նուիրատուութեան,

այսուհետեւ ՀՕՄ-ի հաշուապահական բաժնի սենեակը - ի պատիւ առատաձեռն բարերարին մօր - պիտի կրէ «ընկհ. Մանուշակ Սողոմոնեան» անունը՝ համապատասխան յուշատախտակով սենեակի մուտքին։

Այս առթիւ, ՀՕՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի, ընկ. Վիգի Մարաշլեան կուգայ իր երախտագիտական խօսքը ըսելու, յանուն Միութեան բոլո՛ր անդամներուն, շեշտելով ա՛յն իրողութիւնը՝ թէ հարիւրամեայ ՀՕՄ-ի ազգանպաստ գործունէութիւնը սփիւռքեան թէ հայրենի տարածքներէն ներս, կարելի պիտի չըլլա՛ր իրականացնել առանց համակիր նուիրատուներու եւ բարերարներու առատաձեռն օգնութեան։ Այս իրողութեան լաւագոյն օրինակներէ մին է տիար Հրայր Սողոմոնեանի -որ այս տարի ստացած էր «Կիլիկեան իշխան» պատուանշանը Արամ Ա. Վեհափառէն - նշանակելի՛ նիւթական աջակցութիւնը, որ նման այլ ներդրումներու կողքին, կարելի կը դարձնէ ՀՕՄ-ի այլազան ծրագիրներուն արդիւնաւէտ ընթացքը։

Ընկերուհի Մանուշակ Սողոմոնեանը - որուն անուամբ այսուհետեւ պիտի ճանչցուի Պոստոնի մեր գրասենկի Հաշուական ենթաբաժինը - 1949 թուականէն սկսեալ ծառայած է Հայ Օգնութեան Սուրիոյ Քեսապի, Հալէպի, եւ Լիբանանի ու Գանատայի միաւորներէն ներս։ Ընկերուհին, 1995-էն մինչեւ օրս կþանդամակցի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին, անսակարկ նուիրումով սատարելով Միութեանս ազգանուէր ծրագիրներու գործադրման, արժանանալով իր գործակիցներուն անխառն գնահատանքին ու յարգանքին։