Վերջերս Լեհաստանի Մշակոյթի նախարարը յատուկ շքանշանով պարգեւատրած է Արամ Խաչատուրեան Տուն-Թանգարանի տնօրէնուհի, Արամ Խաչատուրեան Եռեակի անդամ, անուանի դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեանը, հայ արուեստագիտուհիին լեհական երաժշտութեան զարգացման ու տարածման բերած կարեւոր նպաստին համար։

Սոնա Բարսեղեան, Արմինէ Գրիգորեանի դուստրը, անցեալ շաբաթ Գերմանիոյ Aachen քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դաշնամուրի Միջազգային Amadeo մրցոյթին շահած է առաջին մրցանակը։ Մրցոյթին մասնակցած են 33 դաշնակահարներ, 15 երկիրներէ։

Արմինէ Գրիգորեան ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ, կատարելով Մոցարթի, Պրամսի եւ Պեթհովենի դաշնամուրի concerto-ները։ Որպէս նուագակցող (accompanist) ան մրցանակներ շահած է Արամ Խաչատուրեանի (1997) եւ Լեւոն Չիլինկիրեանի (2002) մրցոյթներուն մէջ։

Ան մենահամերգներ տուած է Ռուսաստանի, Իտալիոյ, Միացեալ Էմիրեթներու, Գերմանիոյ, Լիթուանիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Արմինէ Գրիգորեան   ՛՛Roma 2003՛՛ Դաշնամուրի Մրցոյթին շահած է Առաջին Մրցանակը։ Այդ առթիւ Հռոմի խորհրդարանականներու գրասենեակը զինք պարգեւատրած է նաեւ յատուկ մրցանակով եւ շքանշանով։ Արմինէի կատարումները հրապարակուած են ձայնասկաւառակներով (CD)։

Նշենք, նաեւ որ Արմինէ Գրիգորեանը Արամ Խաչատուրեան հռչակաւոր Եռեակի դաշնակահարուհին է։ Եռեակը նուագահանդէսներ տուած է բացի Հայաստանէն եւ Ռուսիայէն՝ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ, ներառեալ Անգլիա, Գերմանիա, Աւստրիա, Աւստրալիա, Չինաստան, եւայլն։

Արամ Խաչատուրեան Եռեակի անդամներուն նախաձեռնութեան, 2010 թուականին Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ Դասական Երաժշտութեան Զարգացման Հիմնադրամը, որուն նպատակն է Հայաստանի եւ Արցախի տաղանդաւոր աղքատ երեխաներու երաժշտական ունակութիւնը զարգացնել։

Սոնա Բարսեղեան նուագահանդէսներով ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ։ Հակառակ երիտասարդ տարիքին, Սոնան շահած է բազմաթիւ մրցանակներ, ինչպէս՝ Բ. մրցանակ՝ Արամ Խաչատուրեան Միջազգային Մրցոյթ (2007), Ա. մրցանակ՝ Հանրապետական Սենեկային Անսամպլի մրցոյթ (2008), Ա. մրցանակ՝ Շոփէնի անուան հանրապետական մրցոյթ (2010), Ա. մրցանակ՝ Amadeo Մրցոյթին (2013)։

Սոնան ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Պետական Երիտասարդական նուագախուբի հետ, կատարելով՝ Շոսթաքովիչ, Ռախմանինով, Խաչատուրեան եւ Բաբաջանեան։

2000-2007-ին, ան եղած է Սպիվաքով հիմնադրամի թոշակառու։ Սոնան վարպետութեան դասեր առած է Nora Fisher-էն, Vladimir Krainev-էն եւ Ph. Kassard-էն։

Ի դէպ նշենք, որ Սոնան մասնակցած է նաեւ Ա. Խաչատուրեան Եռեակի նուագահանդէսներուն, Արմինէ Գրիգորեանի հետ կատարելով երկու դաշնամուրի համար ստեղծագործութիւններ, արժանանալով քննադատներու գնահատանքին։